Կեդրոնական Ընտրական Յաաձնաժողովի որոշումէն յետոյ իրաւապահները խուզարկած են Ծառուկեանին պատկանող
ձեռնարկութիւնները:
Յուլիս 6-ին վաղ առաւօտէն իրաւապահները խուզարկած են «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի տունը, անոր պատկանող գրեթէ բոլոր ձեռնարկութիւններուն մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է ԲՀԿ խօսնակ Իվետա Տօնոյեան։
«Մէկ տասնեակից աւելի ձեռնարկութիւնների մասին է խօսքը, այդ թւում «Արարատցեմենտ» գործարանում, Երեւանի քոնեակի-գինու-օղու գործարանում եւ այլն»,- ըսած է Տօնոյեան։
«Սիվիլնեթ»-ի աշխատակիցը յայտնած է, որ առաւօտեան ժամը 8-ին իրաւապահները սկսած են խուզարկել նաեւ Ծառուկեանին պատկանող Multi Wellness մարզասրահը, ինչի համար յաճախորդներէն խնդրած են հեռանալ մարզասրաէն։
Յունիս 25-ին Գլխաւոր դատախազութիւնը «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու եւ անոր նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն ստանալու
միջնորդութիւն ներկայացուցած էր Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով։
ԿԸՅ-էն տեղեկացուցած էին, որ միջնորդութիւնը պիտի քննեն Սահմանադրական դատարանի որոշումէն յետոյ։

