Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է AMAA բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Կերի Ֆիլիփսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Զրուցակիցները քննարկած են ՀՀ Կառավարութեան եւ AMAA–ի համագործակցութեամբ Վարդենիս խոշորացուած համայնքին մէջ կրթահամալիրի կառուցման ծրագրին վերաբերող հարցեր։
Վարչապետը կարեւորած է նախագիծին իրականացումը, ինչին շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ամիսներ առաջ եւ նշած, որ կրթութեան ոլորտին մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացումը ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է։
Միաժամանակ, երկրին ղեկավարը շեշտած է կրթահամալիրը կառավարութեան սահմանած չափանիշերուն համապատասխան կառուցելու անհրաժեշտութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ AММA-ի հետ համագործակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ այլ ուղղութիւններով։
Նշուած է, որ Վարդենիսի 700 տեղ հզօրութեամբ կրթահամալիրի կառուցման աշխատանքները պիտի իրականացուին 2026-2029 թուականներուն։

