ԵՄ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսը հայկական ծիրանէն անուշ պատրաստած է։ Այս մասին ան գրած է ընկերային ցանցի իր էջով եւ լուսանկարներ հրապարակած։
«Ես այս անուշը պատրաստեցի հայկական ծիրանէն։
«Ծիրանները կը խորհրդանշեն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները։ Անցեալ ամսուայ ընտրութիւններուն հայերուն մեծամասնութիւնը քուէարկեց ԵՄ-ի հետ աւելի սերտ համագործակցութեան ձգտող կուսակցութիւններու օգտին։ Ռուսաստանը փորձեց ազդել քուէարկութեան վրայ՝ սահմանափակելով հայկական միրգերու եւ ծաղիկներու ներմուծումը։ ԵՄ-ն իր հերթին օգնեց Հայաստանին՝ բանալով իր շուկան այս ապրանքներէն շատերուն համար։
«Ահա թէ ինչու ես անցեալ շաբաթ Հայաստան էի եւ վերադարձայ Պրիւքսէլ ծիրանի հսկայական զամբիւղով մը։ Անոնցմէ շատերը գացին ընկերներուս մօտ, մնացածը ես անուշ պատրաստեցի։
«Ընկերներէս մէկը նայեցաւ անուշին եւ ըսաւ. «Ազատությեան ամաններ»։ Ես մտածեցի, որ ատիկա գեղեցիկ ձեւակերպում էր։
«Երբ կ’այցելէք վաճառատուն, ուշադրութիւն դարձուցէք հայկական ծիրանին, սալորին կամ բալին։ Սա հնարաւորութիւն է ընել փոքր բան մը, որ պիտի օգնէ հայ գիւղացիներուն եւ պիտի աջակցի երկրի ժողովրդավարական ընտրութիւններուն»,- գրած է ան։

