Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Դիտարկած է Ակադեմական Քաղաքի Հատուած Տանող Երկաթուղային Ենթակառուցուածքները Զարգացնելու Հնարաւորութիւնները

Վարչապետը Դիտարկած է Ակադեմական Քաղաքի Հատուած Տանող Երկաթուղային Ենթակառուցուածքները Զարգացնելու Հնարաւորութիւնները

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի «Սասունցի Դաւիթ» կայարանէն երկաթուղիով շրջայց կատարած է՝ դիտարկելու Ակադեմական քաղաքի հատուած տանող երկաթուղային ենթակառուցուածքները եւ զանոնք զարգացնելու հնարաւորութիւնները:

Վարչապետին ուղեկցած են կառավարութեան շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարները, Երեւանի քաղաքապետը, Ակադեմական քաղաքի գլխաւոր յատակագիծը նախագծող gmp International GmbH Architects and Engineers ընկերութեան ներկայացուցիչներն ու ճարտարապետական խումբի անդամները:

Վարչապետը կանգառներ ունեցած է «Սպանդարեան» եւ «Ալմաստ» կայարաններուն մէջ, ուր շրջայցի մասնակիցներուն հետ քննարկված են ապագայ ճանապարհային ցանցի հիմնման հնարաւորութիւնները: Կարեւորուած է տարբեր ուղղութիւններէն Ակադեմական տանող ճանապարհային ցանցի զարգացումն ու այդ ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներուն իրականացումը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment