Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Միայն Ռուսերէն Ուսուցմամբ Քանի՞ Դպրոց Կայ, Որքա՞ն Աշակերտ Ունին Եւ Ո՞ւր Են Անոնք

Հայաստանի Մէջ Միայն Ռուսերէն Ուսուցմամբ Քանի՞ Դպրոց Կայ, Որքա՞ն Աշակերտ Ունին Եւ Ո՞ւր Են Անոնք

by MassisPost

Հայաստանի 63 դպրոցի մէջ կ’իրականացուի ռուսերէնի խորացուած ուսուցում, որմէ 33-ը՝ Երեւան քաղաքին մէջ, 30-ը՝ մարզերուն մէջ:

Հայաստանի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առարկան պարտադիր կը դասաւանդուի՝ սկսած 2-րդ դասարանէն:

Այս մասին «Հայկական Ժամանակ»-ի գրաւոր հարցումին ի պատասխան՝ յայտնած են Կրթական գերատեսչութենէն:

Ըստ ԿԳՄՄ-ի, Երեւանի մէջ՝ 19, իսկ մարզերուն մէջ 18 պետական դպրոցներու դասարաններ կ’ուսուցանուին ռուսերէն: Ոչ-պետական դպրոցները մայրաքաղաքին մէջ երեք հատ են։ Մարզերուն մէջ ռուսերէն ուսուցմամբ ոչ-պետական դպրոցներ չկան։

Ընդհանուր առմամբ Երեւանի մէջ առկայ պետական եւ ոչ-պետական դպրոցներուն մէջ ռուսերէն ուսուցանուող աշակերտներուն թիւը 5 հազար 173 է, իսկ մարզերուն մէջ՝ 1873:

Հայաստանի մէջ ամբողջութեամբ ռուսական ծրագրով դասաւանդուող ընդամէնը մէկ պետական դպրոց կայ, ուր աշակերտներուն թիւը 133 է: Այն Ֆիոլեթովոյի միջնակարգ դպրոցն է: Սա պետական դպրոց է, սակայն կը գործէ մարզային ենթակայութեան ներքոյ: Համայնքը ռուսական է, եւ այնտեղ կ’ապրին մեծ մասամբ ազգութեամբ ռուսեր:’

Կայ նաեւ մէկ ոչ-պետական դպրոց ամբողջութեամբ միայն ռուսերէն ուսուցմամբ, ուր աշակերտներուն թիւը 279 է: Այն Երեւանի «Ռոսիա» հասարակական կազմակերպութեան «Սլավյանսքայա» միջնակարգ դպրոցն է:

Հայաստանի մէջ կայ նաեւ երեք ռուսական դպրոց, որոնք Հայաստանի ենթակայութեան ներքոյ չեն․ անոնցմէ մէկը՝ Կիւմրիի մէջ, մէկը՝ Քանաքեռի, իսկ միւսը Արտաշատի մէջ է: Այս կրթական հաստատութիւնները Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ են եւ կը սպասարկեն Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսաստանցի զինուորականներու ընտանիքներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment