Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «ԱՄՆ Եւ Իր Դաշնակիցները Կը Փորձեն Խանգարել Հարաւային Կովկասի Մէջ Կայունութիւնը». Լաւրով

«ԱՄՆ Եւ Իր Դաշնակիցները Կը Փորձեն Խանգարել Հարաւային Կովկասի Մէջ Կայունութիւնը». Լաւրով

by MassisPost

«ԱՄՆ ու իր դաշնակիցները կը փորձեն խանգարել Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը». Լաւրով ԱՄՆ-ն ու իր արբանեակները կը փորձեն խաթարել Ռուսաստանի աջակցութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաատանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը Մինսքի մէջ ԱԳՆ խորհուրդի նիստէն յետոյ կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին։

«Անոնք (ԱՄՆ-ը եւ դաշնակիցները) կը փորձեն ներխուժել յետխորհրդային տարածքի բոլոր շրջանները, միջամտել Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման գործընթացին եւ չեն ուզեր թոյլ տալ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը, որ ձեռք բերուած է Ռուսաստանի աջակցութեամբ»,- ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը։

ԱՄՆ-ն աշխուժօրէն կ’աշխատի նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ուր կը ստեղծուին տարբեր ձեւաչափեր՝ ուղղուած  Ռուսաստանի դէմ։ Անոր խօսքով՝ Ռուսաստանի ռազմավարական դաշնակիցները կը գտնուին հսկայական ճնշման տակ, սակայն անոնք հաւատարիմ կը մնան ընդհանուր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, որոնց վրայ հիմնուած են համարկման կառոյցները՝ ԵԱՏՄ-ն, ԱՊՀ-ն ու ՀԱՊԿ-ը։ Ան համոզուած է, որ ռազմավարական առումով Արեւմուտքի գիծը դատապարտուած է ձախողման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment