Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Որքան Գոյքի Ու Գումարի Բռնագանձման Պահանջ Ներկայացուած Է Ռոպերթ Քոչարեանին, Ծառուկեանին Ու Գագիկ Խաչատրեանին

Որքան Գոյքի Ու Գումարի Բռնագանձման Պահանջ Ներկայացուած Է Ռոպերթ Քոչարեանին, Ծառուկեանին Ու Գագիկ Խաչատրեանին

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը ապօրինի գոյքի բռնագանձման պահանջով 71 հայց ներկայացուցած է Հակափտածութեան կոմիտէ, որոնցմէ երեքը խորհրդարանին մէջ ներկայացուց դատախազ Աննա Վարդապետեանը։

Այսպէս, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն եւ անոր փոխկապակցուած 7 անձէ կը պահանջուի վերադարձնել 25 միաւոր անշարժ գոյք, 5 փոխադրամիջոց, մասնակցութիւն հայաստանեան եւ արտասահմանեան 16 իրաւաբանական անձի մէջ, աւելի քան 4 միլիոն տոլարի աւանդ արժեթուղթ, շուրջ 10 միլիառ դրամին համարժէք փոխառութիւններու պահանջի իրաւունք, աւելի քան 35 միլիառ դրամ։

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանէն ու անոր փոխկապակցուած անձերէ յօգուտ Հայաստանի շուրջ 200 միաւոր անշարժ գոյքի բռնագանձման պահանջ դրուած է, անոնցմէ 56-ը, ըստ դատախազին, Երեւանի կեդրոնին մէջ են:

Ֆինանսներու նախկին նախարար Խաչատրեանին կը պահանջուի բռնագանձել 13 փոխադրամիջոց, մասնակցութիւն հայաստանեան ու արտասահմանեան 29 իրաւաբանական անձի մէջ, աւելի քան 1,4 միլիոն տոլարի աւանդ եւ արժեթուղթ, աւելի քան 23 միլիոն տոլարին համարժէք փոխառութիւններու պահանջի իրաւունք, աւելի քան 23 միլիառ դրամ։

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, նախկին պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանէն ու անոր փոխկապակցուած անձերէ յօգուտ Հայաստանի կը պահանջուի բռնագանձել 79 անշարժ գոյք, 42 փոխադրամիջոց, չնոյնականացուած 8 փոխադրամիջոցներու ձեռքբերման արժէք 349 միլիոն դրամի չափով, զիջուած պահանջի իրաւունքի գումար՝ շուրջ 33,5 միլիոն դրամ։

Բացի անկխ, Դատախազութիւնը կը պահանջէ, որ Գագիկ Ծառուկեանէն բռնագանձուի 10 անշարժ գոյքի շուկայական արժէք, 39 իրաւաբանական անձի մէջ բաժնեմաս ու բաժնետոմս, աւելի քան 63,3 միլիառ դրամին համարժէք փոխառութիւններու պահանջի իրաւունք, 12 ֆիզիքական ու իրաւաբանական անձերու տրամադրուած փոխառութիւններու գումարի չափ աւելի քան 16,8 միլիառ դրամին համարժէք ու աւելի քան 86 միլիառ 480 միլիոն դրամի բռնագանձման պահանջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment