Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Վեց Ամսուան Ընթացքին Պետութեան Վերադարձուած Է Շուրջ 10 Միլիառ Դրամի Գոյք

Վեց Ամսուան Ընթացքին Պետութեան Վերադարձուած Է Շուրջ 10 Միլիառ Դրամի Գոյք

by MassisPost

ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ՝ Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէին ամրացուեցաւ Դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման լիազօրութեան շրջանակին մէջ կնքուած հաշտութեան համաձայնութեամբ պետութեան վերադարձուած՝ 2 միլիառ 18 միլիքն 400 հազար դրամ շուկայական արժէքով Աւան վարչական շրջանի Աճառեան փողոցին վրայ գտնուող՝ 16.013 քմ մակերեսով հողամասը։

Ըստ Գլխաւոր Դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան, հաշտութեան համաձայնութիւնը հաստատուած էր Հակափտածութեան դատարանի՝ 2024 թուականի Փետրուար 27-ի վճիռով:

Գոյքի նկատմամբ արդէն իսկ արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան իրաւունքը։

Դատախազութենէն յաւելած են, որ վերջին վեց ամսուան ընթացքին՝ 2023 թուականի 4-րդ եռամսեակին եւ 2024 թուականի առաջին եռամսեակին Դատախազութեան երկու բացառիկ լիազօրութիւններու՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման եւ պետական շահերու պաշտպանութեան ծիրին մէջ, պետութեան վերադարձուած Է շուրջ 10 միլիառ դրամի գոյք:

Նշուած ժամանակահատուածին օրինական ուժի մէջ մտած վճիռով կամ անկէ յետոյ ընդունուած կառավարութեան որոշմամբ միայն ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործառոյթի շրջանակին մէջ ՀՀ սեփականութեան փոխանցուած Է 7 անշարժ եւ 1 շարժական գոյք՝ ընդհանուր շուրջ 4 միլիառ 118 միլիոն դրամ արժէքով, ՀՀ սեփականութեանն կը փոխանցուի նաեւ շուրջ 609 միլիոն դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment