Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած Է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հեռախօսազրոյցը ԱՄՆ Պետական Քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Հետ

Տեղի Ունեցած Է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հեռախօսազրոյցը ԱՄՆ Պետական Քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Հետ

by MassisPost

Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին, ս/թ Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Փաշինեան գոհունակութիւն արտայայտած է Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններու աշխուժացման առիթով:

Վարչապետը կարեւորած է նաեւ ս/թ Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ի կատար ածումը՝ ընդգծելով, որ այդ պայմանաւորուածութիւնները արտայայտուած են հանդիպման յաջորդած մամուլի հաղորդագրութեան մէջ, եւ հանդիպումը որեւէ գաղտնի օրակարգ չէ ունեցած:

Վարչապետ Փաշինեան նաեւ դրական արտայայտուած է Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացին վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ Տաւուշի մարզի Ոսկեպար, Կիրանց եւ Բերքաբեր գիւղերու բնակիչներուն մտահոգութիւնները հասկնալի են, եւ ամէն ինչ պիտի կատարուի անոնց օրինական մտահոգութիւնները հասցէագրելու համար:

Զրուցակիցները ընդգծած են 2022թ. Հոկտեմբեր 6-ի Փրակի քառակողմ հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կարեւորութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի ծիրին մէջ:

Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ իրարու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ նոյն հռչակագրի հիման վրայ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի իրականացումը կը բանայ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ճանապարհը:

Քննարկուած է նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը: Վարչապետ Փաշինեան եւս մէկ անգամ ընդգծած է, որ այն կ’արտայայտէ 2023 թ. Յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ իր պայմանաւորուածութիւնները առ այն, որ տարածաշրջանային կապուղիները պէտք է բացուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան հիման վրայ, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքով: Այս պայմանաւորուածութիւնները արտայայտուած են նախագահ Միշէլի՝ վերոնշեալ հանդիպման յաջորդած յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment