Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Freedom House. Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարական Կառավարման Վարկանիշը Նուազած Է

Freedom House. Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարական Կառավարման Վարկանիշը Նուազած Է

by MassisPost

«Հայաստանի մէջ 2023-ին Ժողովրդավարական կառավարման վարկանիշը նուազած է՝ 2.50-էն հասնելով 2.25-ի՝ կառավարութեան կողմէ ուժի հաատատման, կեդրոնական իշխանութիւններուն կողմէ ընդդիմադիր քաղաքապետերը պաշտօնանկ ընելու՝ արդէն քանի մը տարիէ շարունակքւող միտումներու, եւ իշխող կուսակցութեան ֆինանսական միջոցներու թափանցիկութեան պակասի պատճառով», – կը յայտարարէ հեղինակաւոր Freedom House-ը՝ անցումային երկիրներու մասին նախօրէին հրապարակած զեկոյցին մէջ։

Արձանագրելով, որ 2023-ին Հայաստանը լուրջ դրական բարեփոխումներ կատարած Է դատական համակարգի, ոստիկանութեան, փտածութեան դէմ պայքարի, կրթութեան եւ տարածքային կառավարման ոլորտներուն մէջ, զեկոյցը կը նշէ. «Թէեւ որոշ բարեփոխումներ կ’ապահովեն արդիւնաւէտ կարգաւորումներ, անոնք յաճախ չեն հասնիր իրենց նպատակներուն՝ վատ կամ անհետուողական իրականացման պատճառով»:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ անցած տարուան հիմնական ներքաղաքական իրադարձութիւնը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններն էին։ «Հայաստանի բնակչութեան մէկ երրորդը մայրաքաղաքին մէջ կ’ապրի, եւ այս քուէարկութիւնը կրնայ դիտարկուիլ որպէս վստահութոան քննութիւն՝ 2021-ի արտահերթ եւ 2026-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու արանքին», – կը նշէ Freedom House-ը, յաւելելով՝ դիտորդները հիմնականին մէջ դրական գնահատած են ընտրութիւններու կայցումը, արձանագրելով, որ այն զերծ եղած Է ժամանակին տարածուած ընտրակաշառքէն ու ճնշումներէն։

Միաժամանակ, ընտրարշաւի ընթացքին տեղական դիտորդները եւ անկախ լրատուամիջոցները արձանագրած են վարչական միջոցի լայնածաւալ չարաշահման դէպքեր՝ յօգուտ իշխող կուսակցութեան։ Որպէս օրինակ կը նշուի մանկավարժներու եւ հանրային ծառայողներու կազմակերպուած մասնակցութիւնը «Քաղաքացիական Պայմանագրի» հանրահաւաքներուն եւ տեղական պիւտճէներու աննախադէպ ծախսը տօնական միջոցառումներու վրայ, որոնց մասնակցած են իշխող կուսակցութեան թեկնածուները։

Զեկոյցը կը փաստէ, որ քուէարկութեան մասնակցած է ընտրողներուն 28,5 տոկոսը, ինչ որ «յատուկ բեւեռացուած Է հասարակութիւններուն, ուր քաղաքացիները հիասթափուած են յետհեղափոխական վերնախաւի ձախողումներէն, միաժամանակ կը մերժեն նախկին վարչակարգի ներկայացուցիչներուն վերադարձը»։

Զեկոյցը կը նշէ նաեւ, որ Հայաստանի ժողովրդավարացման ջանքերուն վրայ բացասաբար ազդած է Ատրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: «Եւրոմիութիւնն ու Միացեալ Նահանգները ձախողեցան պատասխանատուութեան կանչել Ատրպէյճանը կատարած քայլերուն համար, թէեւ մինչ այդ այդ բնագիրը կարմիր գիծ համարած էին», – կ’ընդգծէ Freedom House-ը:

«Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախայարձակ պատերազմները ամենավառ օրինակներն են այն արհամարհանքին, որ այսօրուան միապետերը կը ցուցաբերեն մարդու հիմնարար իրաւունքներուն եւ ազատ հասարակութիւններուն նկատմամբ», – կը յայտարարէ հեղինակաւոր իրավապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ յաւելելով. «Ռուսաստանը եւ Ատրպէյճանը հեգնողաբար կը պահանջեն յարգել իրենց ինքնիշխանութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ մերժելով իրենց հարեւաններուն ինքնավարութիւնը, իւրայատուկ պատմութիւնը եւ գոյութեան իրաւունքը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment