Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ծանր Յօդուածներով Մեղադրանքներ Առաջադրած Են Ոստիկանական Բաժին Ներխուժել Փորձած Երեք Անձերու

Ծանր Յօդուածներով Մեղադրանքներ Առաջադրած Են Ոստիկանական Բաժին Ներխուժել Փորձած Երեք Անձերու

by MassisPost

Իրաւապահները ծանր յօդուածներով մեղադրանք առաջադրած են Կիրակի օր Նոր Նորքի ոստիկանական բաժին զինուած ներխուժման փորձ կատարած երեք տղամարդոց։

Ահաբեկչութեան, հրազէնի ապօրինի շրջանառութեան համար մեղադրուող Արթուր Մովսիսեանը, Ստեփան Յովակիմեանը եւ Վարդգէս Գէորգեանը «Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռ»-ի աջակիցներ են։ Մեղադրանքը հաստատուելու պարագային անոնց կը սպառնայ 8-12 տարուայ ազատազրկում։ Վերջին երկուքը նաեւ կալանաւորուած են, իսկ Արթուր Մովսիսեանը այդ օրը վնասուածք ստանալու պատճառով այժմ կը գտնուի բժշկական հաստատութեան մէջ։

Գործը քննող Քննչական Կոմիտէն կը հաղորդէ, որ խուզարկած է ԱԺԲ-ի համար գրասենեակ ծառայող տարածքը, ինչպէս նաեւ մեղադրեալներուն եւ անոնց հարազատներուն բնակարանները, յայտնաբերած են զինամթերք, յատակագիծեր, ծրագիրներ, թմրամիջոցի նմանող զանգուածներ։

ՔԿ-ն կը յայտնէ ահաբեկչութեան գործով զինամթերք, յատակագիծեր, ծրագիրներ յայտնաբերելու մասին «մանրամասնութիւններ, բնականաբար, այս պահի դրութեամբ չեմ կրնար յայտնել, թէ այդ խուզարկութեան ընթացքին յայտնաբերուած իրերը, առարկաները, գրութիւնները, նշագրումները, նաեւ զէնք-զինամթերքը ինչ կը ներկայացնեն այն իմաստով, թէ որքանով, օրինակ, զէնքերը օրինական կամ անօրինական են, անոնք դեռ քննութեամբ պիտի պարզուին», ըսաւ ՔԿ խօսնակը:

Ընդդիմադիր ԱԺԲ-ն  իշխանութիւններու հեռացման պահանջով Ազատութեան հրապարակին վրայ շուրջօրեայ նստացոյց կ’ընէ։

ԱԺԲ-ն ձեւաւորուած  է  2016-ին ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդը գրաւած «Սասնայ Ծռերու» հիմքով ու կը ղեկավարուի Ժիրայր Սեֆիլեանի կողմէ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment