Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Սկսած Է Ընդունիլ 2024-2025 Տարեշրջանի Դիմումները

ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Սկսած Է Ընդունիլ 2024-2025 Տարեշրջանի Դիմումները

by MassisPost

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) կրթանպաստներու Յանձնախումբը ուրախ էյայտարարելու, որ պիտի սկսի ընդունիլ 2024-2025 տարեշրջանի կրթնպաստներու դիմումները։

Կը քաջալերենք համալսարանական ուսանողները՝ Ապրիլ 1, 2024-էն սկսեալ ներկայացնելու իրենց դիմումնագիրերը այս սպասուած առիթին համար։։

Անհատական կրթանպաստներ` իւրաքանչիւրը մինչեւ 2000 տոլար, պիտի յատկացուին արժանի ուսանողներու, որոնք կ’ամբողջացնեն յատուկ պայմանները ։ Դիմողները պէտք է ունենան հայկական ծագում, արձանագրուած ըլլան քառամեայ, օրինաւոր  համալսարան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ ունենան նուազագոյնը 3.5 GPA։ Դիմողները պէտք է ըլլան գործունեայ հայկական կազմակերպութիւններէ ներս եւ պատրաստ ծառայելու Հայ համայնքին:

Պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել  (https://aebu.org/our-programs/scholarship կայքը` յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագրեր ստանալու համար։

Դիմումները պէտք է ներկայացուին առցանց կամ նամակատան միջոցաւ մինչեւ Յունիս 30, 2024։ Նամակով դիմումները պէտք է ուղարկուին` AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave. Pasadena, CA 91104։ Նաեւ կարելի է հեռաձայնել 626-344-7321 թիւին` յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար։

ՀԿԲՄ-ի նպատակն է զարգացնել ու խթանել Հայ ուսանողները, որպեսզի անոնք կատարելագործեն իրենց կարողութիւնները։

Նպաստները կը յատկացուին  մրցակցային հիմունքներով եւ ստուգումներէ ետք: Կրթանպաստի արժանացած ուսանողներու անունները պիտի յայտարարուին առցանց` մինչեւ Օգոստոս 1, 2024: Կրթանպաստնելու յանձման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 25, 2024-ին` ծնողներու եւ Միութեան բարեկամներու ներկայութեան։

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը հիմնուած է 1969-ին խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են կարիքաւոր ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ուսանողական նպաստները կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներու կրթութեան, որպէսզիանոնք կարողաան կերտել աւելի փայլուն ապագայ մը:

Մեր ծրագիրներուն օժանդակելու համար կը խնդրենք այցելել https://aebu.org/donate/ կայքէջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment