Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զախարովան Յայտարարած Է, Թէ Արեւմուտքը Սեպ Կը Խրէ Պաքուի Հետ Իրենց Գործընկերային Յարաբերութիւններուն Մէջ

Զախարովան Յայտարարած Է, Թէ Արեւմուտքը Սեպ Կը Խրէ Պաքուի Հետ Իրենց Գործընկերային Յարաբերութիւններուն Մէջ

by MassisPost

Վերջին շրջանին արեւմտեան էմիսարները զգալի աշխուժացած են Հայաստանի ուղղութեամբ. անոնք մասնաւորապէս յառաջ կը մղեն ՆԱԹՕ-Հայաստան անհատապէս ընկելացուած համագործակցութիւնը։

Այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան:

«Անոնք ջանքեր կը գործադրեն Մոսկուա-Երեւան կապերը վարկաբեկելու, իսկ լաւագոյն տարբերակով զանոնք ամբողջովին խզելու ուղղութեամբ: Արեւմտականները այդ ընդհանրապէս չեն թաքցներ: Իսկ հիմա ալ կը փորձեն սեպ խրել Պաքուի հետ մեր գործընկերային յարաբերութիւններուն մէջ: Այսինքն՝ անոնց նպատակներուն շրջանակը լայն է», ըսած է Զախարովան:

Ան յաւելած է, որ ՆԱԹՕ-ն՝ որպէս դաշինք, հետաքրքրուած չէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատմամբ:

Աւելի վաղ Զախարովան յայտարարած էր, թէ ՆԱԹՕ-ն առաւելագոյն նպատակ դրած է Ռուսաստանի դէմ երկրորդ ճակատ բանալ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ ընդհանուր առմամբ թէժացնել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment