Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան-Եւրոմիութիւն Յարաբերութիւններուն Մէջ Յարաշարժութիւնը, Ըստ Արտաքին Գործերու Փոխնախարարին, Կարելի Է Աննախադէպ Որակել

Հայաստան-Եւրոմիութիւն Յարաբերութիւններուն Մէջ Յարաշարժութիւնը, Ըստ Արտաքին Գործերու Փոխնախարարին, Կարելի Է Աննախադէպ Որակել

by MassisPost

Այն յարաշարժութիւնը, որ այսօր կայ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ, կարելի է աննախադէպ որակել, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Վահան Կոստանեանը՝ յիշեցնելով Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը, Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ վիզաներու ազատականացման շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, Եւրոպական խաղաղութեան գործիքին Հայաստանի հասանելութեան, հայկական ապրանքներու եւրոպական շուկաներ աւելի դիւրին մուտքի շուրջ քննարկումները։

«Սրանց ուղղութեամբ դրական զարգացումները թոյլ կը տան նաեւ առաջ շարժուել եւ աւելի յաւակնոտ օրակարգերի մասին խօսել», ըսաւ Կոստանեան։

Անցեալ շաբաթ ձաներու 504 կողմ, 4 դէմ, 32 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ Եւրոխորհրդարանը ընդունեց Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ կապերու մասին յատուկ բանաձեւը, որով Եւրոմիութեան օրէնսդիր մարմինը գործադիր իշխանութեան կ’առաջարկէ դիտարկել Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու հնարաւորութիւնը:

«Եթէ Հայաստանը շահագրգռուած ըլլայ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու համար եւ շարունակէ իր ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող կայուն բարեփոխումներու ուղին, այդ կրնայ հիմք հանդիսանալ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ փոխակերպման փուլի համար», ըսուած է բանաձեւին մէջ։

Պաշտօնական Երեւանը ողջունեց բանաձեւը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարծիք յայտնեց, որ այն Հայաստանի մէջ հանրային քննարկման առարկայ պէտք է դառնայ։

Հարցումին՝ սառն չէ՞ր վարչապետին արձագանգը, թէ՞ զուսպ մեկնաբանութեամբ քաղաքական զգուշաւորութեան, գործնապաշտութեան դրսեւորում էր, Կոստանեան պատասխանեց․ «Բացարձակ սառը չէի համարի նման ձեւակերպումները, որովհետեւ այսպիսի որոշումները, որոնք շատ կարեւոր են հէնց Հայաստանի ապագայի եւ աշխարհում մեր դերի վերաբերեալ, կարծում եմ լայն քննարկումների առիթ պէտք է հանդիսանան, եւ հէնց ժողովրդավար պետութիւններին յատուկ է նման քննարկումներ ունենալը։ Այդ քննարկումները սկսուել են, փորձագիտական շրջանակները սովորական քաղաքացիներն արդէն խօսում են եւ այս խօսակցութիւնը վստահաբար էլ աւելի մեծ ծաւալներ կը ստանայ»։

Նախքան բանաձեւի ընդունում Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած էր, թէ Հայաստանը պատրաստ է մօտենալու Եւրոմիութեան այնքան, որքան Պրիւքսէլը հնարաւոր համարէ, ապա արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսած էր՝ Հայաստանը կը քննարկէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հնարաւորութիւնը։

Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւէն յետոյ արդէն ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու խօսնակ Փիթըր Սթանօն յայտարարեց՝ Հայաստանը կրնայ Եւրոմիութեան անդամակցելու դիմում ներկայացնել՝ շեշտելով՝ «երկիրները իրաւունք ունին ձգտելու իրենց ժողովուրդներուն համար աւելի լաւ ապագայի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment