Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բոլոր Հայաստանեան ԲՈՒՀերը Պէտք է Գործեն Միայն «Ակադեմական Քաղաք»-ին Մէջ. Փաշինեան

Բոլոր Հայաստանեան ԲՈՒՀերը Պէտք է Գործեն Միայն «Ակադեմական Քաղաք»-ին Մէջ. Փաշինեան

by MassisPost

Ի վերջոյ Երեւան քաղաքին մէջ երկարաժամկէտ հեռանկարով պէտք է որեւէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն (ԲՈՒՀ) չըլլայ, եւ «Ակադեմական Քաղաք»-էն դուրս որեւէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն պիտի չըլլայ, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Բոլոր հայաստանեան ԲՈՒՀերը պէտք է գործեն միայն «Ակադեմական Քաղաք»-ին մէջ, Դիլիջանի մէջ կայացած Տնտեսական քաղաքականութեան խորհուրդի նիստին նշած է ան։

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ԲՈՒՀական ոլորտին մէջ խնդիրները խոր են։ Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ կայ 60 ԲՈՒՀ, սակայն եթէ այս ԲՈՒՀերը հաւաստագրեն միջազգային չափանիշերով, Հայաստանի մէջ որեւէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն հաւաստագրում չի ստանար։

«Այս առումով «Ակադեմական Քաղաք»-ը մեզի համար չափազանց կարեւոր ու ռազմավարական ծրագիր է», շեշտեց վարչապետը։

ԲՈՒՀերու ներկայիս շէնքերը, անոր խօսքով, հնարաւոր է համախմբուին մէկ կազմակերպութեան մէջ եւ տրուին կառավարման միջազգային հեղինակութիւն ունեցող ընկերութեան՝ որպէս տարածքներ, եւ այնտեղէն ստացուող գումարը ԲՈՒՀական համակարգի ֆինանսաւորման ծառայէ։

«Ակադեմական Քաղաք»-ը բաղկացած պիտի ըլլայ 6 ուղղութիւններէ՝ կրթական, արուեստներու, արհեստագիտական, դասական, բժշկական եւ սպայական։ Համանուն հիմնադրամը ԲՈՒՀերուն վերջերս ուղարկած է աւանի տարածքին մէջ ձեւաւորուող աշխատանքային խումբերու կազմը։ Ըստ այդ փաստաթուղթին՝ օրինակ՝ արուեստներու խումբին մէջ Երաժշտանոցին պիտի միանան Գեղարուեստի ակադեմիան, Թատերականը ու քանի մը մշակութային կառոյցներ։ Երաժշտանոցին մէջ այս որոշման դէմ ստորագրութիւն սկսած է։ Քանի մը օր առաջ «Ակադեմական Քաղաք»-ին մէջ այլ ԲՈՒՀերու հետ միաւորուելուն դէմ արտայայտուած էր նաեւ Գեղարուեստի ակադեմիայի տնօրէնԱրամ Իսաբեկեանը։

Յստակ չէ՝ երբ լիարժէք պիտի սկսի գործել «Ակադեմական Քաղաք»-ը։ Թէեւ կրթութեան նախարարը 2030 թուականի մասին կը խօսի, աւանի կառուցման գլխաւոր յատակագիծը կազմած գերմանական ընկերութեան ներկայացուցիչը լրիւ այլ ժամկէտ նշած էր՝ 15-20 տարի անց։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment