Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Մեզ Շփումներ Պէտք Են Մեր Հայ Գործընկերներուն Հետ». Փեսքով՝ ՀԱՊԿ-էն Հնարաւոր Դուրս Գալու Վերաբերեալ Նիկոլ Փաշինեանի Յայտարարութեան Մասին

«Մեզ Շփումներ Պէտք Են Մեր Հայ Գործընկերներուն Հետ». Փեսքով՝ ՀԱՊԿ-էն Հնարաւոր Դուրս Գալու Վերաբերեալ Նիկոլ Փաշինեանի Յայտարարութեան Մասին

by MassisPost

Մոսկուան լսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի հնարաւոր դուրս գալու մասին, շատ աշխատանք կը սպասուի, իրավիճակը պարզելու համար անհրաժեշտ են շփումներ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Անկասկած, մենք լսած ենք այդ յայտարարութիւնները: Ակնյայտ է, որ հիմա, բնականաբար, կը սպասուի շատ աշխատանք: Մեզի մեր հայ գործընկերներուն հետ անհրաժեշտ են շփումներ ե՛ւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ, ե՛ւ երկկողմ մակարդակով: Պիտի պարզաբանենք եւ պիտի խօսինք՝ համահունչ այն յայտարարութիւններուն, որոնք ըրած է պարոն վարչապետը», ըսած է Փեսքով։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 12-ին մամուլի ասուլիսի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չբացառեց, որ Երեւանը դուրս գայ ՀԱՊԿ-էն, եթէ կազմակերպութիւնը «չպատասխանէ Հայաստանի մէջ պատասխանատուութեան գօտիին մասին հարցին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment