Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Պոնոյին Ներկայացուցած Է Խաղաղութեան Պայմանագրի Քննարկումները Եւ Առանցքային Հարցերու Շուրջ Հայաստանի Դիրքորոշումները

Միրզոյեան Պոնոյին Ներկայացուցած Է Խաղաղութեան Պայմանագրի Քննարկումները Եւ Առանցքային Հարցերու Շուրջ Հայաստանի Դիրքորոշումները

by MassisPost

Մարտ 13-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօն:

Զրուցակիցները քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակին վերաբերող հարցեր։

ՀՀ արտաքին քաղաքական հարցերով գերատեսչութեան հաղորդմամբ՝ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, այդ շարքին՝ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ քննարկումներուն:

Նախարար Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուցած է վերջին զարգացումները՝ ընդգծելով Հայաստանի դիրքորոշումները առանցքային հարցերու շուրջ:

Մասնաւորապէս՝ շեշտուած է 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հաւատարմութեան եւ սահմանազատման հետագայ գործընթացը Ալմա-աթայի հռչակագրի, ամուր իրաւական հիմքեր ունեցող քարտէզներու հիման վրայ իրականացնելու կարեւորութիւնը:

Տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման ծիրին մէջ նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է գործընթացը հանրաճանաչ սկզբունքներու՝ ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան ու հաւասարութեան հիման վրայ կեանքի կոչելու հարցով Հայաստանի հետեւողական մօտեցումը:

Արարատ Միրզոյեան եւ Լուիս Բոնօ միտքեր փոխանակած են նաեւ ՀՀ-ԱՄՆ երկկողմ քաղաքական երկխօսութեան օրակարգին, յառաջիկայ միջոցառումներուն եւ գործընկերութեան հետագայ զարգացման հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment