Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Freedom House-ի «Ազատութիւնը Աշխարհի Մէջ» Զեկոյցին Մէջ Հայաստանը Մնացած Է «Մասամբ Ազատ» Պետութիւններու Շարքին Մէջ

Freedom House-ի «Ազատութիւնը Աշխարհի Մէջ» Զեկոյցին Մէջ Հայաստանը Մնացած Է «Մասամբ Ազատ» Պետութիւններու Շարքին Մէջ

by MassisPost

Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ 2024 թուականին» զեկոյցը (Freedom In The World 2024):

Ինչպէս անցեալ տարուան զեկոյցին մէջ, Հայաստանը մնացած է «մասամբ ազատ» պետութիւններու ցանկին մէջ: Հայաստանը «քաղաքական ազատութիւններու» անուանակարգին մէջ ստացած է 40 առաւելագոյն միաւորներէն 23-ը, «քաղաքացիական ազատութիւններու» անուանակարգին մէջ՝ 60 հնարաւորէն 31-ը, եւ ունի ընդհանուր 54 միաւոր:

Հայաստանի հարեւաններէն Վրաստանը նոյնպէս «մասամբ ազատ» է եւ ունի 58 միաւոր: Մինչդեռ միւս երեք հարեւանները «ոչ-ազատ» են: Ատրպէյճանը ունի ընդամէնը 7 միաւոր, Իրանը՝ 11, իսկ Թուրքիան՝ 33: Այդ ցանկին մէջ նշուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, որ ստացած է -3 միաւոր, թէպէտ դեռ անցեալ տարուան զեկոյցին մէջ ունէր 37 միաւոր եւ համարուած է «մասամբ ազատ»:

«Ոչ-ազատ» երկիրներու ցուցակին մէջ է ԱՊՀ, ԵԱՏՄ եւ ՀԱՊԿ կառոյցներու առաջնորդ երկիր Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, որ ստացած է 13 միաւոր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment