Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պերլինի Մէջ Աւարտած Է Պայրամով-Միրզոյեան Հանդիպումը. ՀՀ ԱԳՆ-ն Մանրամասնութիւններ Յայտնած Է

Պերլինի Մէջ Աւարտած Է Պայրամով-Միրզոյեան Հանդիպումը. ՀՀ ԱԳՆ-ն Մանրամասնութիւններ Յայտնած Է

by MassisPost

2024թ. Փետրուար 28-29-ին Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ՝ Վիլլա Պորսիկի մէջ, կայացած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները։

ՀՀ ԱԳՆ-էն կը տեղեկացնեն, որ նախարարները եւ անոնց պատուիրակութիւնները քննարկած են «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ» երկկողմ համաձայնագրի նախագիծի դրոյթներուն տեսակէտերը։ Արտայայտուած է փոխադարձ համաձայնութիւն՝ շարունակել բանակցութիւնները բաց հարցերու շուրջ։

Այցի ընթացքին նախարարները հանդիպում ունեցած են Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ եռակողմ ձեւաչափով։

Նախարար Միրզոյեան իր շնորհակալութիւնը յայտնած է Գերմանիոյ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար։

Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարար Աննալենա Պերպոքը X-ի իր էջով գրառում կատարած է՝ խօսելով հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն մասին․ «Հայաստանն ու Ատրպէյճանը բռնածեն խաղաղութեան պայմանագրի խիզախ եւ, միեւնոյն ժամանակ, դժուարին ճանապարհը։ Մենք՝ Գերմանիոյ կառավարութիւնը, կ’աջակցինք խաղաղ բանակցութիւններուն, որքան հնարաւոր է, որպէսզի վէրքերը բուժուին, եւ բարեկամութիւնը յաջողակ ըլլայ մարդոց համար: Այս ճանապարհին ամէն քայլ կարեւոր է», գրած է Պերպոք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment