Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Մոսկուայի Հայ Համայնքը Նախագահական Ընտրութիւններուն Պիտի Սատարէ Փութինին

Մոսկուայի Հայ Համայնքը Նախագահական Ընտրութիւններուն Պիտի Սատարէ Փութինին

by MassisPost

Մոսկուայի հայ համայնքը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի սատարէ Ռուսիոյ գործող նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Այս մասին յայտարարած է «Տիալոկ» կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեանը։ «Մենք՝ կազմակերպիչներս, որպէս մոսկովեան հասարակութեան հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, կը յայտնենք մեր աջակցութիւնը նախագահի թեկնածու Վլատիմիր Փութինին», ըսած է ան՝ ելոյթ ունենալով խորհրդային առասպելական հետախոյզ Գէորգ Վարդանեանի հարիւրամեակին նուիրուած երեկոյին ժամանակ։

Նաւոյեանի խօսքով՝ միջազգային յարաբերութիւններու փոփոխութեան ծիրին մէջ Փութինը այն թեկնածուն է, ոէ «լաւագոյնս կը համապատասխանէ ազգային շահերու եւ Ռուսաստանի ու ամբողջ աշխարհի ռազմավարական ապագային վրայ հիմնուած չափանիշերուն»։

Դաշնային Խորհուրդը նախագահական ընտրութիւնները նշանակած է 2024 թուականի Մարտ 17-ին։ Քուէարկութիւնը պիտի տեւէ երեք օր՝ Մարտ 15-ին, 16-ին եւ 17-ին։ Պետութեան ղեկավարի պաշտօնին կը յաւակնին Ռուսաստանի Դաշնութեան Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին կողմէ արձանագրուած չորս թեկնածուներ՝ Լէոնիտ Սլուցքին, Նիքոլայ Խարիթոնովը, Վլատիսլաւ Տաւանքովը եւ Վլատիմիր Փութինը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment