Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւններն Ու Կազմակերպութիւնները Անքարային Կոչ Ըրած Են Դադրեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը

Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւններն Ու Կազմակերպութիւնները Անքարային Կոչ Ըրած Են Դադրեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը

by MassisPost

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին, Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ քաղաքական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները կրկին կոչ կ’ընեն ճանչնալու անցեալի վայրագութիւնները եւ ապագային հաւասար վերաբերմունք ցուցաբերելու բոլոր քաղաքացիներուն նկատմամբ:

Այս մասին յայտնած է Medyanews-ը՝ մէջբերելով յայտարարութիւնը, որուն մէջ կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները Թուրքիոյ կոչ կ’ընեն առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ թրքական պետութիւնը մինչ օրս չէ ճանչցած վայրագութիւններն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը շարունակէ պատժել անոնք, որոնք հանդէս կու գան ճանաչման եւ հաշտեցման օգտին:

«Անհրաժեշտ է առերեսուիլ անցեալին հետ», – Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին յայտարարած է Ժողովրդավարական Տարածաշրջաններու կուսակցութիւնը՝ յաւելելով, որ կը կիսեն հայ ժողովուրդին ցաւը եւ յարգանքով կը յիշենք անոնք, որոնք զոհ դարձած են։

Յայտարարութեան մէջ կոչ կը կատարուի պահպանելու հայկական եկեղեցիները, գերեզմանատեղիները, կրօնական կառոյցներու ազատ օգտագործումը եւ քաղաքացիներու հաւասարութեան վրայ հիմնուած իրաւական բարեփոխումները:

«Չափազանց կարեւոր է հրաժարիլ ժխտողականութենէն եւ իւրաքանչիւր հայ ճանչնալ որպէս պատմութեան վկայութիւն»,- յաւելած են անոնք՝ կրկնելով հանգուցեալ հայ մտաւորական Հրանդ Տինքի խօսքերը:

Բացի անկէ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին վերաբերեալ յայտարարութիւն ըրած է նաեւ Տիարպեքիրի փաստաբաններու ընկերակցութիւնը (Amed)՝ նշելով․ «Իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ին պետութիւնն ու մեր աշխատակազմը պայքարի մէջ կը մտնեն ճշմարտութեան համար, թէ ինչպէս մեկնաբանել անցեալի իրադարձութիւնները»,- ընդգծած են անոնք՝ շեշտելով, որ բացայայտ արտայայտուելու համար կը բախին մշտական իրաւական խնդիրներու։

Ժողովուրդներու Հաւասարութեան եւ Ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը (DEM) նոյնպէս իր համերաշխութիւնը յայտնած է հայ համայնքին․ «Մենք կը կիսենք Հայոց Ցեղասպանութեան վիշտը, որ սկսած է 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին մտաւորականներու տեղահանմամբ, ինչ որ յանգեցուցած է զանգուածային արտաքսման եւ կոտորածի»,- յայտարարած են կուսակցութենէն՝ ընդգծելով, որ անցեալի յանցագործութիւնները պէտք է ճանչցուին, որպէսզի ճանապարհ հարթեն դէպի խաղաղութիւն եւ համախմբուած հասարակութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment