Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ֆրանսայի Իրաւապահները Սառեցուցած Են Սամուէլ Կարապետեանի՝ 120 Միլիոն Եւրօ Արժողութեամբ Վիլլայի Սեփականութեան Իրաւունքը

Ֆրանսայի Իրաւապահները Սառեցուցած Են Սամուէլ Կարապետեանի՝ 120 Միլիոն Եւրօ Արժողութեամբ Վիլլայի Սեփականութեան Իրաւունքը

by MassisPost

Ֆրանսայի դատարանը սառեցուցած է Լազուր ափին գտնուող Իրինա Մարիա վիլլայի նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքը, որ պաշտօնապէս կը պատկանի ռուսաստանահայ գործարար Սամուէլ Կարապետեանին։ Փարիզի դատախազութիւնը կը կարծէ, որ անոր իրական շահառուն ոչ այլ ոք է, քան ռուսական նաւթակազային հսկայ «Կազփրոմի» դուստր ընկերութիւնը․ կը գրէ ֆրանսական «Le Monde» թերթը։

«Le Monde»-ի տուեալներով՝ վիլլան, որ տեղացիներուն յայտնի է որպէս Villa del Mare, կը գտնուի 3 հեկտար տարածքի վրայ։ Վիլլան, բացի քանի մը յարկ ունեցող գլխաւոր շէնքէն, կը ներառէ նաեւ երեք լողաւազան, թենիսի դաշտ եւ ուղղաթիռային հարթակ։ Այս գոյքին ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի 120 միլիոն եւրօ։

Վիլլայի նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքի սառեցման, ինչպէս նաեւ SNC Maritime Villa Holding ընկերութեան բաժնետոմսերու սառեցման մասին կարգադրութիւնը կը թուագրուի 2024 թուականի Փետրուար 12-ին։

Ինչպէս կը նշԷ «AFP» գործակալութիւնը, Irina Maria վիլլայի նկատմամբ Փարիզի դատախազութիւնը այն ստորաբաժանումը, որ կը զբաղի կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարով (Junalco), հետաքննութիւն կատարած է ծանրացուցիչ հանգամանքներու մէջ փողերու լուացման փաստով, որ կատարուած է 2009 թուականի Դեկտեմբեր 11-էն՝ Փարիզի, Կիպրոսի, Ռուսաստանի եւ Ռոքպրիւն-քափ-մարթենի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment