Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրէն Պապիկեան Խորհրդակցութիւն Ունեցած Է ՊՆ Եւ ԶՈՒ Ղեկավար Կազմերուն Հետ

Սուրէն Պապիկեան Խորհրդակցութիւն Ունեցած Է ՊՆ Եւ ԶՈՒ Ղեկավար Կազմերուն Հետ

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցած է Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած Ուժերու ղեկավար, ինչպէս նաեւ բանակային զօրամիաւորումներու հրամանատարական կազմերուն հետ։

Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան՝ քննարկուած են Զինուած Ուժերուն մէջ ընթացող աշխատանքներուն առնչուող շարք մը հարցեր, Պապիկեանը համապատասխան ցուցումներ եւ յանձնարարականներ տուած է ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն:

Սահմանին վերջին լարուածութեան լոյսին տակ, երբ Փետրուար 13-ին ատրպէյճանական կրակոցէն Ներքին Հանդի դիրքերուն մէջ չորս զինուոր զոհուեցաւա, մէկը վիրաւորուեցւ, Զինուած ուժերուն մէջ լայնածաւալ անձնակազմի փոփոխութիւններ տեղի ունեցան․ վարչապետին առաջարկութեամբ պաշտօնէն ազատուեցաւ գլխաւոր շտաբի պետի առաջին տեղակալ Կամօ Քոչունցը։ Անոր շտաբի պետի տեղակալի պաշտօնին փոխարինեց 46-ամեայ Արթուր Երոյեանը, որ անցած տարիներուն ղեկավարած էր Վազգէն Սարգսեանի անուան Ռազմական ակադեմիան։ Արթուր Երոյեանէն բացի ԳՇ պետի եւս երկու նոր տեղակալներ նշանակուեցան՝ Կարէնը Գրիգորեանը եւ Թեմուր Շահնազարեանը։ Ընդհանուր առմամբ ինը նոր նշանակում եղաւ։

Օրեր առաջ ալ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, ԶՈՒ ԳՇ պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը այցելեց հարաւարեւելեան եւ հարաւարեւմտեան սահմանագօտիներ, ծանօթացաւ սահմանային իրավիճակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment