Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ամուսնութեան Տարիքային Շեմը Բարձրացնելու Նպատակով Կը Նախատեսուին Օրէնսդրական Փոփոխութիւններ

Ամուսնութեան Տարիքային Շեմը Բարձրացնելու Նպատակով Կը Նախատեսուին Օրէնսդրական Փոփոխութիւններ

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովը Փետրուար 15-ին հրաւիրած էր խորհրդարանական լսումներ՝ «ամուսնութեան տարիքային շեմը բարձրացնելու նպատակով օրէնսդրական բարեփոխումները` մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրին մէջ» թեմայով: Լսումներուն մասնակցած են պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, իրաւասու գերատեսչութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, ազգային փոքրամասնութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

ՀՀ գործող օրէնսդրութեամբ ամուսնութեան տարիքը 18 տարեկանն է: Անձը կրնայ ամուսնանալ նաեւ 17 տարեկանին, եթէ առկայ է անոր ծնողներուն, որդեգրողներուն կամ հոգաբարձուին համաձայնութիւնը: Անձը կրնայ ամուսնանալ նաեւ 16 տարեկանին, եթէ առկայ է անոր ծնողներուն, որդեգրողներուն կամ հոգաբարձուին համաձայնութիւնը, եւ ամուսնացող միւս անձը առնուազն 18 տարեկան է:

Ազգային Ժողովէն կը յայտնեն, որ ԱԺ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Ռուստամ Բաքոյեանը նշած է, որ ամուսնութեան տարիքային շեմը բարձրացնելու նպատակով կը նախատեսէ օրէնսդրական փոփոխութիւններու գործընթաց սկսիլ: Յանձնաժողովի նախագահին տեղակալը արձանագրած է, որ որպէս եզտիական համայնքի ներկայացուցիչ` ահազանգեր կը ստանայ յատկապէս եզտիներու շրջանակին մէջ վաղ տարիքին ամուսնութեան վերաբերեալ, սակայն բազմաթիւ են դէպքերը նաեւ հայերու շրջանակին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment