Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հ.Բ.Ը.Մ.ը 14,000 Շարժական Ջեռուցիչներ կը տրամադրէ Հայաստան Ապաստանած Արցախահայ Ընտանիքներու

Հ.Բ.Ը.Մ.ը 14,000 Շարժական Ջեռուցիչներ կը տրամադրէ Հայաստան Ապաստանած Արցախահայ Ընտանիքներու

by MassisPost

Հինգ ամիսներ առաջ, Հայաստան ապաստանած արցախահայ ընտանիքներու սննդեղէնի կարիքներու ապահովումին համար նախաձեռնած իր ծաւալուն աշխատանքին իբր շարունակութիւն, զորս Հ.Բ.Ը.Մ.ը իրականացուցած էր Համաշխարհային Կեդրոնական Խոհանոց կազմակերպութեան հետ գործակցաբար, Միութիւնը իր մարդասիրական ճիգերը շարունակեց, Ջերմ Ցմեռ նախաձեռնութեամբ, 14,000 շարժական ջեռուցիչներ բաշխելով Հայաստան ապաստանած 60,000 արձախահայ ընտանիքնրու, անոնց կեցութիւնը իրենց նոր բնակավայրերուն մէջ աելի հանգստաւէտ եւ տանելի դարձնելու մտահոգութեամբ:

Հայաստանի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.ի մարդասիրական ծրագիրներու տնօրէն Ինէսա Մարգարեան կը նշէ, թէ ներկայիս, երբ արդէն սաստկաշունչ ձմեռը կոխած է յատկապէս մարզերուն մէջ, «մեր կարելին կ’ընենք օգնութեան ձեռք երկարելու արցախահայ համայնքին, մասամբ գոնէ թեթեւցնելու համար առօրեայ մտահոգութիւններու անոնց բեռը:»

«Երբ անցող Սեպտեմբերին մարդասիրական տագնապը սկիզբ առաւ, մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնն էր սննդեղէն ապահովելու համար համապատասխան տարողութեամբ նախաձեռնութիւն մը իրականացնել, պատրաստելով եւ տրամադրելով ամէնօրեայ տաք ճաշ եւ 28,000 ուտեստեղէնի սնտուկներ, Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային բնաջնջումի ոճիրին զոհ դարձած արցախահայ բռնի տեղահանեալներուն, որոնք աւելի քան ինը ամիսներ սովի եւ սննդազրկման ենթարկուած էին:  Հիմա որ տեղահանեալներէն շատեր արդէն տարբեր բնակավայրերու մէջ տեղաւորուած են, ուր ընդհանապէս ջեռուցման միջոցները բաւարար չեն, տաքացման յաւելեալ միջոցներու ապահովումի անհարժեշտութիւնը շեշտակիօրէն զգալի է:»

Բաշխումի կեդրոնները կազմակերպուած են Հայաստանի տարբեր մարզերու տեղական գիւղապետութիւններու եւ շրջանային ղեկավարման կեդրոններու հետ գործակցութեամբ, ուր դիմորդները կրնան տրամադրելիութեան կարգով ջեռուցիչներ ստանալ:  Ստեփանակերտի բնակիչ 44-ամեայ Լիանա Իսրայիէլեան, իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէր Հ.Բ.Ը.Մ.ին ըսելով՝ «Մեր ընտանիքը 12 անդամներէ կը բաղկանայ եւ մեր բնակավայրը չափազանց ցուրտ է: Այս ջեռուցիչները մեզի համար աւելի տանելի պիտի դարձնեն ձմռան այս եղանակը:»

Յունուար 17-ի եւ Փետրուար 2-ի միջեւ, 13 կամաւորներ Պուլկարիայէն, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, միացան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի “Armenians Come Together (ACT) Հայեր Ի Մի Կու գան” ծրագրին, որուն միջոցաւ սփիւռքահայեր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի մէջ մարդասիրական եւ կենցաղային բարեկարգման ծրագիրներու, ինչպիսին են սննդանիւթերու եւ ջեռուցիչներու բաշխումի նախաձեռնութիւնները:

Սթէյսի Թէրթէրեան, Միացեալ Նահանգներէն, որ մասնակցած էր այս ծրագրին, իր տպաւորութիւնները կը բաժնէր ըսելով՝ «Ինծի համար հոգեկան մեծ բաւարարութիւն պատճառեց առիթը, զոր ունեցայ յարաբերելու այս ընտանիքներուն հետ, լսելու իրենց պատմութիւնները եւ փոխադարձաբար ապահովցնելու զիրենք, թէ իրենք առանձին չեն իրենց կեանքի տագնապալի այս հանգրուանին: Համոզուած եմ, որ մեր մասնակցութեամբ ոչ միայն ֆիզիքական կարիքներ կը մեղմենք, այլեւ մարդակային հաղորդակցութիւն եւ ջերմութիւն ու հոգածութիւն կը ցուցաբերենք անոնց հանդէպ:»

Շնորհիւ այն առատաձեռն նուիրատուութիւններուն որոնք կը տրամադրուին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Համընդհանուր Մարդասիրական Օգնութեան ծրագրին, Միութիւնը կը յաջողի հասնիլ տագնապներու ընդառաջ գետնի վրայ զարգացող կարիքներուն, աւելին՝ կարելիութիւնը ունի մշակելու հոգատարութեան բազմակողմանի կայուն ծրագրեր, արցախահայերու մնայուն տեղաւորումը ապահովելու համար Հայաստանի մէջ: Ներկայիս իրականացուող ծրագիրներէն են ձրի բժշկական խնամք եւ հոգեբանական ճնշուածութեան հետեւանքներու արժեւորում, աշխատանքի ապահովում, չափահասներու ուսման կարելիութիւններ եւ կարողութիւններու մշակում, նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նայիրի ճամբարէն ներս պատանիներու եւ ծնողներու համար հանգստեան եւ ճամբարային քործունէութիւններու մշակուած յատուկ յայտագիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment