Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազերի Կրակի Հետեւանքով Հայկական Կողմը Ունի 4 Զոհ Եւ 1 Վիրաւոր

Ազերի Կրակի Հետեւանքով Հայկական Կողմը Ունի 4 Զոհ Եւ 1 Վիրաւոր

by MassisPost

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն« Փետրուար 13ևի առաւօտեան  Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Ատրպէյճանի ԶՈՒ կրակի հետեւանքով հայկական կողմը ունի 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր:

Ատրպէյճանական կողմը հաղորդագրութիւն տարածած էª ընդունելով, որ սադրանքին հեղինակը իր զինուորներն են:

ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը սահմանային լարուածութեան, ատրպէյճանական հերթական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբª նշելով, որ սահմանային մագլցումներ ծաւալելու համար Ատրպէյճանը պատրուակներ կը փնտռէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment