Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ն Ունի Ուժեղ Եւ Մարտունակ Բանակ Ունենալու Իրաւունք Իր Տարածքային Ամբողջականութիւնը Եւ Ինքնիշխանութիւնն Ամրապնդելու Համար

ՀՀ-ն Ունի Ուժեղ Եւ Մարտունակ Բանակ Ունենալու Իրաւունք Իր Տարածքային Ամբողջականութիւնը Եւ Ինքնիշխանութիւնն Ամրապնդելու Համար

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը ինչպէս նախապէս ունի քաղաքական կամք՝ երթալու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման յայտնի պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ, «The Telegraph»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ճարտարապետութիւնն ու սկզբունքները համաձայնեցուած են։ Նախորդ տարեվերջին թւում էր, որ մօտ ենք վերջնական բնագրի համաձայնեցմանը, սակայն սկզբից Ատրպէյճանը հրաժարուեց մասնակցել բանակցութիւններին, ապա նշանակուեցին նախագահական ընտրութիւններ։ Այս կէտի վրայ ենք այսօր», նշած է վարչապետը։

Ատրպէյճանի նախագահի Յունուարին կատարած յայտարարութիւնները նիկոլ Փաշինեանը կը գնահատէ որպէս հարուած խաղաղութեան գործընթացին։ Իլհամ Ալիեւը վերահաստատած էր Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան միջանցքի իր պահանջը, բացառած էր Հայաստանի տարածքէն իր զօրքերու դուրսբերումը։

«Քանի դեռ Ատրպէյճանը չի յայտարարել մասնաւորապէս Փրակի եւ Սոչիի յայտարարութիւնների տակից իր ստորագրութիւնը հետ վերցնելու մասին, ուրեմն շատ յստակ է, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնները ճանաչում են 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ, եւ ցանկացած յայտարարութիւն, որը հակասում է այս տրամաբանութեանը, ապօրինի է», ըսած է ան՝ անդրադառնալով Ալիեւի կողմէ՝ սահմանը Խորհրդային Միութեան վերջին քարտէզով գծելու ՀՀ առաջարկի մերժման:

«The Telegraph»-ի մեկնաբան Ռոլանտ Օլիֆանթի հարցումին՝ «վախ ունի՞ք», որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կրնայ սկսիլ երրորդ պատերազմ, վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է. «Վախը ճիշդ բառ չէ օգտագործելու համար, որովհետեւ ՀՀ-ն ժողովրդավարական, զարգացող պետութիւն է եւ իրականացնում է լայնածաւալ բարեփոխումներ, եւ միջազգային հանրութիւնը տեսաւ վերջին տարիներին, որ մեր երկրի դիմակայունությունը բարձրացել է։ Ինչ վերաբերում է տարածաշրջանային ապակայունացմանը եւ դրան ուղղուած քայլերին, ի հարկէ ցանկացած բանական մարդու մօտ դա առաջացնում է մտավախութիւններ»։

Արձագանգելով հայկական բանակը զինելու մասին Ալիեւի քննադատութիւններուն՝ Հայաստանի ղեկավարը ընդգծած է՝ զինուած ուժեր ունենալը իւրաքանչիւր պետութեան ինքնիշխան իրաւունքն է. «Եւ ՀՀ-ն ունի ուժեղ եւ մարտունակ բանակ ունենալու իրաւունք, այն արձանագրմամբ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը ինքնիշխանութիւնն ամրապնդելու համար է բանակ ստեղծում»։

«Հայաստանը ճանաչում է տարածաշրջանի բոլոր երկրների տարածքային ամբողջականութիւնը եւ նոյնն ակնկալում է տարածաշրջանի բոլոր երկրներից։ Ես ամէն ինչ կ’անեմ, որպէսզի մեր տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատուի, կ’անեմ աշխատանքի այն բաժինը, որը վերաբերում է մեզ, եւ ես յոյս ունեմ, որ մեր տարածաշրջանի միւս երկրները նոյնպէս այդպէս կը վարուեն», յաւելած է ան։

Լրագրողի դիտարկման, թէ նոյնիսկ եթէ խաղաղութեան, տարածքային ամբողջականութեան մասին միջազգային երաշխիքներ ստանայ Պաքուէն, արդեօք կը հաւատա՞յ Ալիեւին, որ վերջինս կը պահէ պայմանաւորուածութիւնները, Նիկոլ Փաշինեան արձագանգած է. «Ես հաւատում եմ Աստծուն եւ կարծում եմ, որ իւրաքանչիւր իրեն յարգող պետութիւն պէտք է հետեւի իր ստանձնած պարտաւորութիւններին»։

Հայաստանը ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան հարց չի քննարկեր

Հայաստանը չի ժխտեր եւ մերժեր Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւնը ընդհանարապէս եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ եւս, յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան, յաւելելով՝ անվտանգութեան ոլորտին մէջ պատրաստ են, եւ կը քննարկեն ու կ’աշխատին յարաբերութիւններ հաստատել, օրինակ, Եւրոմիութեան, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի եւ այլ երկիրներու հետ:

«Նոյն Միացեալ Նահանգների, կամ Ֆրանսայի, կամ Հնդկաստանի, կամ Եւրոմիութեան հետ անվտանգային ոլորտում մեր յարաբերութիւնները բնականաբար ուղղուած չեն Ռուսաստանի դէմ: Դրանք պարզապէս այն արձանագրման իրողութիւնն են, որ նախկինում մեր ունեցած անվտանգային յարաբերութիւնները չեն հասցէագրում մեր անվտանգային կարիքները», ընդգծած է ան:

Հայաստանը կը դիտարկէ՞ ապագային ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւն, վարչապետը ըսած է՝ նման հարց օրակարգին մէջ չկայ:

«Մենք ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան հարց չենք քննարկել եւ չենք քննարկում: Մենք ՆԱԹՕ-ի հետ ունենք գործընկերային յարաբերութիւններ, եւ այդտեղ որեւէ նորութիւն չկայ», նշած է ան։

«Եւրոմիութեան հետ մեր յարաբերութիւնները կը խորանան»

«Եւրոմիութեան հետ մեր յարաբերութիւնները խորանում են», նշած է Նիկոլ Փաշինեան՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Վրաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամութեան թեկնածու դառնալու փաստին վրայ։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ մեր կառավարութիւնը պիտի դիրքաւորուի այդ իրադարձութեան նկատմամբ։ Կարող եմ մի բան ասել, եւ թերեւս իմ ասածից ակնյայտ է` եթէ ես Վրաստանին եւ Վրաստանի կառավարութեանն ու ժողովրդին շնորհաւորել եմ այդ առիթով, ակնյայտ է, որ ես դա համարում եմ դրական իրադարձութիւն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment