Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Առաջին Անգամ Ըլլալով Երեւանի Մէջ Պիտի Ցուցադրուի «Անահիտ Դիցուհիի» Կիսանդրին

Առաջին Անգամ Ըլլալով Երեւանի Մէջ Պիտի Ցուցադրուի «Անահիտ Դիցուհիի» Կիսանդրին

by MassisPost

Հայաստանի պատմութեան թանգարանին եւ Բրիտանական թանգարանին միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան շնորհիւ 2024 թուականի Սեպտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուի Բրիտանական թանգարանին մէջ պահուող «Անահիտ դիցուհիի» կիսանդրին․ այս մասին կը տեղեկացեն ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէէն։

Անահիտ աստուածուհիի կիսանդրին հելլենիստական ժամանակաշրջանի արձանային մասունք է, որ յայտնաբերուած է պատմական Փոքր Հայքի տարածքին մէջ՝ Գայլ գետի վերին հոսանքի շրջանին մէջ գտնուող Սատաղ բնակավայրին մէջ։ Կը թուագրուի մ․թ․ա․ 2-4-րդ դարերուն։ 1873 թուականին յայտնաբերուելէ մէկ տարի անց այն ձեռք բերուած է Բրիտանական թանգարանին կողմէ եւ մինչ օրս կը պահուի Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաքին մէջ։

Այն կը պահուի «Յունական եւ հռոմէական հնութիւններ» վերտառութեամբ ցուցասրահին մէջ որպէս յունական Աֆրոտիթ աստուածուհիի կիսանդրին։ Արձանի  ծագման շուրջ վէճը մինչ օրս կը շարունակուի, քանի որ որոշ մասնագէտներ կիսանդրին կը վերագրեն նոյնիսկ Վեներային։ Թանգարանային նմոյշի վերաբերեալ դիտարկումներով 1890 թուականին հանդէս եկած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Ղեւոնդ Ալիշանը իր «Այրարատ» աշխատութեան մէջ՝ պնդելով, որ պրոնզէ մասունքը կը պատկանի հայոց դիցարանի պտղաբերութեան եւ մայրութեան աստուածուհիին։

Բազմաթիւ գիտնականներու համար ընդունելի է այս տեսակէտը՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ գտածոյի յայտնաբերման վայրի մերձակայքին՝ Եկեղեաց գաւառի Երիզա (Երզնկա) բնակավայրին մէջ գտնուած է Անահիտ աստուածուհիին գլխաւոր տաճարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment