Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Մէկը Կ’ուզէ Մերձենալ ՆԱԹՕ-ին, Ապա Պէտք Է Հասկնայ, Թէ «Որքանով Այդ Վտանգաւոր Է Եւ Ինչի Պիտի Յանգեցնէ». Ռուսաստանը Սպառնացած Է Հայաստանին

Եթէ Մէկը Կ’ուզէ Մերձենալ ՆԱԹՕ-ին, Ապա Պէտք Է Հասկնայ, Թէ «Որքանով Այդ Վտանգաւոր Է Եւ Ինչի Պիտի Յանգեցնէ». Ռուսաստանը Սպառնացած Է Հայաստանին

by MassisPost

Եթէ Հայաստանը կը փափաքի մերձենալ ՆԱԹՕ-ին, պէտք է հասկնայ, թէ այդ ինչի պիտի յանգեցնի. Ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է  Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ խօսելով ՆԱԹՕ-ի հետ Երեւանի մերձեցման մասին։

Անոր խօսքով՝ եթէ մէկը կ’ուզէ մերձենալ (ՆԱԹՕ-ին), ապա պէտք է հասկնայ, թէ «որքանով այդ վտանգաւոր է եւ ինչի պիտի յանգեցնէ»։

Զախարովա նշած է, որ առաջին հերթին անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ ինչն է «ձեռնտու Հայաստանին եւ անոր ազգային շահերուն»։

«Պէտք է բանալ քարտէզը եւ տեսնել, թէ որ տարածաշրջանին մէջ կը գտնուի այդ երկիրը, ովքեր են հարեւանները, եւ կարդալ պատմութեան դասագիրքերը», ըսած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment