Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Կառավարութիւնը Իր Վրայ Պիտի Վերցնէ ԼՂՀ Կառավարութեան Եւ Քաղաքացիներու Ֆինանսական Պարտաւորութիւններուն Մեծ Մասը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Իր Վրայ Պիտի Վերցնէ ԼՂՀ Կառավարութեան Եւ Քաղաքացիներու Ֆինանսական Պարտաւորութիւններուն Մեծ Մասը

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան, վերջինիս կողմէ ստեղծուած հիմնադրամներու, ԼՂՀ իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձերու վերակառուցման ենթակայ պարտաւորութիւնները (պարտատոմսեր եւ վարկեր) Հայաստանի ֆինանսադրամատնային համակարգի հանդէպ կը կազմեն շուրջ 315 միլիառ դրամ, Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի իր վրայ վերցնելու այդ բեռին մեծ մասը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան 2023 թուականի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին ներկայացուց Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը:

«Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան եւ վերջինիս կողմից ստեղծուած հիմնադրամների, Լեռնային Ղարաբաղի իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձանց վերակառուցման ենթակայ պարտաւորութիւնները (պարտատոմսեր եւ վարկեր) ՀՀ ֆինանսադրամատնային համակարգի հանդէպ 2023 թուականի Դեկտեմբերի 29-ի դրութեամբ կը կազմեն շուրջ 315 միլիառ դրամ, որոնց գերակշիռ մասի սպասարկումը, (մայր գումարի եւ տոկոսավճարների մարումները) Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած, անհնար է դարձել», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Ան ընդգծեց՝ նշուածը յառաջ կը բերէ շարք մը բացասական վտանգեր, մասնաւորապէս՝ ՀՀ ֆինանսադրամատնային համակարգի դրամագլուխի էական կորուստներ եւ ֆինանսական կայունութեան խաթարում, ֆինանսական ցուցանիշերու եւ դրամատուներու վարկանիշներու էական վատթարացում, ֆինանսական ցուցանիշերու վատթարացման արդիւնքով վարկաւորման կշռոյթներու անկում, հետեւաբար տնտեսական աշխուժութեան նուազում եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան առանձին խումբերու վարկունակութեան էական վատթարացում ստեղծուած ընկերային ծանր պայմաններուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment