Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Ֆրանսական Ռազմաքաղաքական Խորհրդակցութիւններ

Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Ֆրանսական Ռազմաքաղաքական Խորհրդակցութիւններ

by MassisPost

Փարիզի մէջ տեղի ունեցած են հայ-ֆրանսական երկկողմ ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններ, տեղեկացուցած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Ըստ հայկական կողմին՝ քննարկուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող խնդիրներ, նաեւ համագործակցութեան օրակարգային հարցեր, ձեռք բերուած են շարք մը պայմանաւորուածութիւններ։

Այլ մանրամասնութիւններ նախարարութիւնը չէ հաղորդած, միայն կը նշուի, որ հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանը, իսկ ֆրանսական կողմէ խորհրդակցութիւնները վարած է Ֆրանսայի Զինուած Ուժեու նախարարութեան Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարութեան տեսչութեան տնօրէն Ալիս Ռուֆօն։

Աղբիւր՝ azatutyun.am

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment