Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի Հայերու Իրաւունքները Պէտք Է Երաշխաւորուին Ատրպէյճանի Սահմանադրութեամբ․ Շարլ Միշէլ

Ղարաբաղի Հայերու Իրաւունքները Պէտք Է Երաշխաւորուին Ատրպէյճանի Սահմանադրութեամբ․ Շարլ Միշէլ

by MassisPost

Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուին Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ, «Ազատութեան» տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ըսած է Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը՝ յաւելելով, որ Եւրոմիութիւնը այդ հարցին շուրջ կը շարունակէ բանակցութիւնները Պաքուի ղեկավարութեան հետ։

«Կը կարծենք, որ հայերը պէտք է վերադառնալու իրաւունք ունենան կամ գոնէ կարենան այցելել Ատրպէյճանի այդ հատուած, եւ անոնց անվտանգութիւնն ու իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուած ըլլան։ Փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան մասով կան միջազգային չափանիշեր, որոնք պէտք է յարգուին Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան համաձայն, որու ծիրին մէջ ալ պէտք է փոքրամասնութիւններու այդ իրաւունքները երաշխաւորուին», ըսած է Միշէլ։

«Հայկական կողմը ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն յետոյ կը պնդէր, թէ Ղարաբաղի հայերուն պէտք է անվտանգութեան ու իրաւունքներու պահպանման միջազգային երաշխիքներ տրուին։ Խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ այդ հարցին անդրադարձ կա՞յ, թէ՞ Ղարաբաղի հայաթափումէն յետոյ այն կորսնցուցած է հրատապութիւնը», «Ազատութեան» հարցումին Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավարը արձագանգած է՝ չ’ուզեր խորանալ մանրամասնութիւններու մէջ, միաժամանակ ընդգծած է, որ այդ հարցով երաշխաւորը պէտք է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ըլլան։

«Մենք շատ կապի մէջ ենք Ատրպէյճանի նախագահին հետ այս թեմայով, որպէսզի բարձրացնենք աչալրջութիւնը եւ փորձենք համոզել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ցոյց տալ, որ անոնք կը փափաքին պաշտպանել փոքրամասնութիւնները եւ երաշխաւորել, որ միջազգային չափանիշերը պահպանուին: Սա է քաղաքական բանավէճը, որ ունինք, եւ ես անկեղծօրէն յոյս ունիմ, որ մենք կրնանք յառաջընթաց արձանագրել ԵՄ-ի համար գերակայ հարցով», նշած է Շարլ Միշէլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment