Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Լիովին Անօգուտ Քայլ»․ Մոսկուայի Արձագանգը՝ Հայաստանի Մէջ ԵՄ Դիտորդներու Թիւի Աւելացման

«Լիովին Անօգուտ Քայլ»․ Մոսկուայի Արձագանգը՝ Հայաստանի Մէջ ԵՄ Դիտորդներու Թիւի Աւելացման

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ընդլայնումը չի նպաստեր հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման եւ միայն պիտի աշխուժացնէ լարուածութիւնը Անդրկովկասի մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հօր՝ հանգուցեալ Հէյտար Ալիեւի յիշատակի օրուան նուիրուած ընդունելութեան ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարը։

Միխայիլ Կալուզինը դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ «լիովին անօգուտ քայլ» որակած է՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու առումով։

«Մենք համոզուած ենք, որ ԵՄ առաքելութեան ընդլայնումը որեւէ արդիւնք պիտի չտայ ատրպէյճանա-հայկական կարգաւորման տեսանկիւնէն, որուն հիմնական սկզբունքները մշակուած են 2020-ի Նոյեմբերին Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ եւ ամրագրուած են եռակողմ համատեղ յայտարարութիւններով», ըսած է Կալուզինը։

Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպումէն յետոյ ԵՄ բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել յայտարարեց, որ որոշած են աւելցնել Հայաստանի մէջ դիտորդներու թիւը՝ 138-էն հասցնելով 209-ի։

«Սա միջոց է բարձրացնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանին կայունութիւնը», նշած է Պորել:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment