Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 65 Միլիոն Տոլար՝ Աթոմակայանի 2-րդ Ուժանիւթի Պլոքի Շահագործման Ժամկէտը Երկարացնելու Համար

65 Միլիոն Տոլար՝ Աթոմակայանի 2-րդ Ուժանիւթի Պլոքի Շահագործման Ժամկէտը Երկարացնելու Համար

by MassisPost

«Հայկական աթոմային ելեկտրակայան» ընկերութիւնը պայմանագիր պիտի կնքէ «Ռուսաթոմ Սերվիս» ընկերութեան հետ՝ աթոմակայանի 2-րդ ուժանիւթիը պլոքի շահագործման ժամկէտը երկարացնելու նպատակով։

Հարցը պիտի քննարկուի կառավարութեան նիստի ժամանակ։ Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ պայմանագիրը պիտի կնքուի մէկ անձէ գնման ձեւով եւ պայմանագրին գինը չի կրնար գերազանցել 65 միլիոն ԱՄՆ-ի տոլարին համարժէք դրամ գումարի չափը։

Ծրագրի ֆինանսաւորումը կը նախատեսուի իրականացնել «Հայկական աթոմային ելեկտրակայան» ընկերութեան տրամադրուելիք պիւտճէական վարկի միջոցներով, ինչն իր հերթին Հայաստանի պետական պիւտկէին մէջ կրնայ յառաջացնել ծախսերու եւ եկամուտներու աւելացում կամ նուազեցում, ըսուած է կառավարութեան հիմնաւորման մէջ։

«Միջոցառումները պէտք է իրականացուին 2023-2026 թուականներու ինկած ժամանակահատուածին: Ընդ որում, նորմաթիւային պահանջներու համաձայն՝ ռէաքթորային տեղակայանքի համակարգերուն եւ սարքաւորումներուն մէջ բոլոր աշխատանքները պէտք է համաձայնեցուին Հայկական աթոմային ելեկտրակայանի գլխաւոր նախագծողին, ռէաքթորային տեղակայանքի գլխաւոր կառուցողին, շահագործման գիտական ղեկավարին հետ», կը նշուի նախագիծին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment