Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Մոսկուան Անհանգստացած Է Երուսաղէմի Հայկական Այգիներու Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակով. Զախարովա

Մոսկուան Անհանգստացած Է Երուսաղէմի Հայկական Այգիներու Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակով. Զախարովա

by MassisPost

Ռուսաստանին խիստ կ’անհանգստացնեն Երուսաղէմի քրիստոնէական համայնքի ներկայացուցիչներուն դէմ սադրիչ գործողութիւններու յաճախակիացման մասին տեղեկութիւնները։ Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա
Զախարովան։

«Ուշադրութիւն հրաւիրած ենք հակամարտութեան իրավիճակին վրայ, որ ստեղծուած է Հին քաղաքին մէջ տեղակայուած, այսպէս կոչուած, Հայկական այգիներուն շուրջ: Անոնք դատական վէճի առարկայ դարձած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի եւ իսրայէլական «բնակութեան կողմնակից» կազմակերպութիւններէն մէկուն միջեւ։ Դատական վէճի արդիւնքներուն չսպասելով՝ անոր ներկայացուցիչները սկսած են վիճելի հատուածի մէջ հիւրանոցային համալիրի կառուցման նախապատրաստական աշխատանքները, ինչ որ յանգեցուցած է տեղի հայերու եւ հրեայ արմատականներու միջեւ բախման», ըսած է դիւանագէտը։

Մոսկուան Իսրայէլի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ միջոցներ ձեռնարկելու օրէնքի շրջանակներուն մէջ հարցի արդար լուծման ապահովման համար։ Ռուսաստանը կը կարծէ, որ բոլոր կրօնական համայնքներուն իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին միեւնոյն չափով։ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը նաեւ դէմ է որեւէ գործողութիւններու, որոնք ուղղուած են Հին քաղաքին մէջ պատմականօրէն հաստատուած ցեղա-կրօնադաւանութեան հաւասարակշռութեան վերանայման, ներառեալ ոտնձգութիւնները քրիստոնէական համայնքներու, անոնց սրբավայրերու եւ սեփականութեան վրայ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment