Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լոնտոնի Մէջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Բրիտանական 6-րդ Պաշտպանական Ռազմավարական Խորհրդակցութիւնները

Լոնտոնի Մէջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Բրիտանական 6-րդ Պաշտպանական Ռազմավարական Խորհրդակցութիւնները

Հայ-Բրիտանական Համագործակցութեան Ծրագիր՝ Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ

by MassisPost

Նոյեմբեր 28-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած են հայ-բրիտանական 6-րդ պաշտպանական ռազմավարական խորհրդակցութիւնները։ Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանը։

Խորհրդակցութիւններուն ներկայ եղած է նաեւ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեանը։

Քննարկուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։

Լեւոն Այվազեանը բրիտանացի գործընկերներուն ներկայացուցած է Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան ուղղուած հայկական կողմին քայլերը, այդ շարքին՝ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը։ Ներկայացուած են նաեւ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ընթացող լայնածաւալ բարեփոխումները։

Կողմերը հանգամանօրէն քննարկած են երկկողմ ռազմական համագործակցութեան ներկայիս ընթացքն ու զարգացման հեռանկարները։ Երկուստեք արձանագրուած են շարք մը նոր ոլորտներու մէջ առկայ համագործակցային զգալի ներուժը եւ զայն կեանքի կոչելու պատրաստակամութիւնը, որոնց շուրջ ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ։

Խորհրդակցութիւններու արդիւնքով ՀՀ ՊՆ Պաշտպանական քաղաքականութեան ու միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանը եւ ՄԹ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Ռուսաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ քաղաքականութեան հարցերով տնօրէն Տէյվիտ Մորկընը ստորագրած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-բրիտանական համագործակցութեան 2023-2024 թուականներու ծրագիրը։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է 7-րդ պաշտպանական ռազմավարական խորհրդակցութիւնները կայացնել Երեւանի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment