Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Փրօֆ. Թանէր Աքչամի “Yuz Yıllık Apart-Heıd” Հատորին Շնորհանդէսը

Փրօֆ. Թանէր Աքչամի “Yuz Yıllık Apart-Heıd” Հատորին Շնորհանդէսը

Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի

by MassisPost

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս

Կազմակերպութեամբ՝ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, Կիրակի՝ Նոյեմբեր 19, 2023ի երեկոյեան ժամը 5ին, «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրասէր շրջանակներուն մէջ ծանօթ Փրօֆ. Թանէր Աքչամի «YUZ YILLIK APART-HEID» գիրքին շնորհանդէսը, ներկայութեամբ Միութեան անդամներու, հիւրերու եւ գրասէր հասարակութեան բազմութեան։

Գրքի հեղինակ՝ Փրօֆ Թանէր Աքչամ սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրութիւններ փոխանցեց գրքին նիւթին մասին ըսելով թէ՝ «Իր ստեղծման օրէն ի վեր Թուրքիոյ իրաւական համակարգը և անոր հիմնարկները շրջապատող մշակոյթը քաղաքացիներուն բաժնած են երեք հիմնական դասակարգերու. Ստորակարգութեան վերին մասը սիւննի մահմետական թուրք քաղաքացիներն են: 1924 թուականի Սահմանադրութեան քաղաքացիութեան մասին 88-րդ յօդուածի քննարկման ժամանակ Կէլիբոլիի խորհրդարանի պատգամաւոր Ճելալ Նուրի պէյը այդ շատ պարզօրէն ըսաւ՝. Երկրորդ կամ միջին խաւը բաղկացած է ալեւիներէն և այլ ոչ թուրք մահմետականներէն (քիւրտեր, չէրքէզներ և այլն): Երրորդ կամ ամենացած խաւը բաղկացած է քրիստոնեաներէն և հրեաներէն։ Սխալ չըլլար այս դասակարգերը որակել որպէս թրքական «արտօնեալ դասակարգի համակարգ»:

Թեև մենք կարող ենք աւելի հեռուն երթալ ժամանակի մէջ՝ դէպի Օսմանեան Միլլեթ համակարգ, ապա Apartheidը հաստատուած է շարք մը բացայայտ կամ գաղտնի օրէնքներով և հրամանագրերով, որոնք հրապարակուած են նոր խորհրդարանի կողմէ 1920 թուականի ապրիլէն սկսած՝ նշանաւորելով ժամանակակից Թուրքիոյ սկիզբը: Այս օրէնքներէն և հրամանագրերէն շատերը թերևս կը գործեն այսօր: Այնտեղ, ուրտեղ անոնք ուժի մէջ չեն, երբեք չէ եղած նուազագոյն հաշիւ անոնց ապօրինութիւններուն հետ, և այդ օրէնքներու ոգին շարունակած է իր հիմնարկային ազդեցութիւնը ներքին գաղտնի նամակագրութեան միջոցով»:

Ապա Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի կողմէ Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր հեղինակին յանձնեց յուշանուէր մը, առ ի գնահատանք իր նորատիպ հատորին:

Գրքի գինեձօնի գեղեցիկ արարողութիւնը կատարուեցաւ, որուն մասնակցեցան Պոլսահայ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, Նախկին ատենապետ՝ եւ ներկայ Ընդհանուր ժողովի ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչ եւ իր տիկինը՝ Հիլտա, Էսաեան Սանուց վարժարանի Յանձնախումբի նախկին ատենապետուհի՝ Ալին Տօնիկեան, իսկ ներկաներէն՝ Լուսի Գարալեան, Յովսէփ Թոքաթ, Կարպիս Սարաֆեան, Հերման Չէլիք եւ Մարիէթ Օհանէս:

Փրօֆ Աքչամ՝ իր սրտի գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին անխտիր ու մասնաւորաբար Պոլսահայ Միութեան։ Եղան բարձր գնահատականներ, ինչպէս նաեւ հարցադրումներ գրքին վերաբերեալ։

Աւարտին, հեղինակը իր գրքէն օրինակներ մակագրեց հանդիսատեսներուն։

Տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Նշենք թէ հատորին լրիւ հասոյթը նուիրուեցաւ Միութեան Մշակութային

 

Ֆոնտին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment