Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքու Հրաժարած Է Ուաշինկթընի Մէջ Արտաքին Գործերու Նախարարներու Հանդիպումէն

Պաքու Հրաժարած Է Ուաշինկթընի Մէջ Արտաքին Գործերու Նախարարներու Հանդիպումէն

by MassisPost

Պաքուի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կը հրաժարին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Պաքուի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպումէն։

Պաքուի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը նախ արձագանգած է ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցած լսումներու ժամանակ ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմզ Օ’Պրայընի յայտարարութիւններուն՝ զանոնք անուանելով «կողմնակալ, անարդիւնաւէտ, անհիմն եւ անընդունելի»:

Պաքուի մէջ դժգոհութեան ալիք բարձրացուցած է Օ’Պրայընի այն յայտարարութիւնը, որ ԱՄՆ-ն չեղարկած է բարձրաստիճան այցերը Ատրպէյճան, իսկ այդ երկրին հետ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւնները չեն կրնար բնական ըլլալ, քանի դեռ ԱՄՆ յառաջընթաց չէ տեսած խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ։

Ի պատասխան՝ Պաքուի ԱԳՆ-էն նշած են, որ յարաբերութիւնները չեն կրնար միակողմանի ըլլալ, ուստի նոյն մօտեցումը պիտի կիրառէ Պաքուն։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ ԱՄՆ-ի միակողմանի մօտեցումը կրնայ յանգեցնել անոր, որ ԱՄՆ կորցնէ իր միջնորդական դերը։

«Կարեւոր է նշել, որ այս պայմաններուն մէջ մենք հնարաւոր չենք համարեր 2023 թուականի Նոյեմբեր 20-ին Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով հանդիպում անցընելը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment