Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յառաջիկային Իրանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպում՝ Արտաքին Գործերու Նախարարներու Մակարդակով. Trend

Յառաջիկային Իրանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպում՝ Արտաքին Գործերու Նախարարներու Մակարդակով. Trend

by MassisPost

Յառաջիկային Իրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «3+3» ձեւաչափով (Ատրպէյճան, Թուրքիա, Ռուսաստան, Իրան, Հայաստան, Վրաստան) հանդիպում՝ արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով, կը գրեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ըստ ատրպէյճանական «Trend»-ին՝ Հայաստանը եւս համաձայնած է մասնակցիլ հանդիպման։

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն, սակայն, ո՛չ հաստատած, ո՛չ հերքած են այս տեղեկութիւնը։ ԱԳՆ խօսնակ Անի Բադալեան «Ազատութեան» ըսաւ, որ նախարարի այցերուն եւ հանդիպումներուն մասին պատշաճ պիտի տեղեկացնեն։

Աւելի վաղ Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտդոլլահիան Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած էր, որ «3+3» հարթակը արդիւնաւէտ ձեւաչափ է տարածաշրջանային խնդիրները լուծելու համար։ Ապա Ատրպէյճանի նախագահ իլհամ Ալիեւը նաեւ յայտնեց, որ յառաջիկային «3+3» ձեւաչափով հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան։

Հայաստանը պատրաստ է «3+3» ձեւաչափով հանդիպումներուն, իր հերթին, յայտնեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment