Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն Յայտնած Է՝ Ինչ Պիտի Ընէ Ռուս Խաղաղապահներու Զօրախումբը Հետագային Ղարաբաղի Մէջ

Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն Յայտնած Է՝ Ինչ Պիտի Ընէ Ռուս Խաղաղապահներու Զօրախումբը Հետագային Ղարաբաղի Մէջ

by MassisPost

«Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութիւնը պահանջուած է, եւ այդ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նաեւ ապագային»:

Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը, որ կը վերահսկէ ԱՊՀ երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները։

Անոր խօսքով՝ նախ «կը մնայ հարցը, որ այնտեղ մնացած ղարաբաղցիները իրենց հանգիստ զգան»։

«Կարելի չէ բացառել, որ այսօր Ղարաբաղէն հեռացածներէն ոմանք որոշ փուլի որոշեն վերադառնալ։ Իսկ խաղաղապահներուն ներկայութիւնը հանգստութեան յաւելեալ գործօն պիտի ըլլայ այս մարդոց համար», ըսած է ան՝ նշելով, որ հարցը, թէ ինչպիսին կրնայ ըլլալ այս զօրախումբին հետագայ ներկայութեան եղանակները, պիտի քննարկուի եւ պիտի լուծուի Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ սահմանուած ուղիներով: Երկրորդ գործօնն ալ այն է, շարունակած է Կալուզին, որ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ շփումները կ’իրականացուին խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ։

«Ղարաբաղի հետագայ զարգացման հետ կապուած շարք մը շատ բարդ հարցեր նոյնպէս կը լուծուին ղարաբաղահայութեան ներկայացուցիչներուն եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն միջեւ՝ ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ», ըսած է փոխնախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment