Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանը Հայաստանին Դարձեալ Կոչ Ըրած Է Համագործակցելու Անհետ Կորսուածներու Որոնման Հարցով

Ատրպէյճանը Հայաստանին Դարձեալ Կոչ Ըրած Է Համագործակցելու Անհետ Կորսուածներու Որոնման Հարցով

by MassisPost

Ատրպէյճանի պետական յանձնաժողովը Հայաստանին դարձեալ կոչ ըրած է համագործակցելու անհետ կորսուածներու որոնման հարցով: Ինչպէս կը գրեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին յայտնած է ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած քաղաքացիներու հարցերով զբաղող Ատրպէյճանի պետական յանձնաժողովի քարտուղար, աշխատանքային խումբի ղեկավար Իսմայիլ Ախունտովը:

«Պետական յանձնաժողովը եւս մէկ անգամ կը յայտարարէ իր պատրաստակամութիւնը համագործակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան կառոյցներուն հետ երկու կողմէ անհետ կորսուածներու որոնման գործին մէջ՝ պահպանելով ճշգրտութեան, թափանցիկութեան եւ փոխվստահութեան մթնոլորտը։

«Կը կարծեմ, հաշուի առնելով, որ հիմնական տեղեկատուութիւնը կը գտնուի հայկական կողմին մօտ, այս համագործակցութիւնը կրնայ դրական ներդրում ունենալ երկու կողմէն ալ անհետ կորսուածներու ճակատագրի պարզաբանման գործին մէջ»,- նշած է Ախունտովը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment