Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոեւէ Անմեղ Մարդ Պէտք Չէ Քրէական Հետապնդման Արժանանայ, Եւ Ոեւէ Մեղաւոր Պէտք Չէ Մնայ Առանց Պատասխանատուութեան. ՀՀ Վարչապետ

Ոեւէ Անմեղ Մարդ Պէտք Չէ Քրէական Հետապնդման Արժանանայ, Եւ Ոեւէ Մեղաւոր Պէտք Չէ Մնայ Առանց Պատասխանատուութեան. ՀՀ Վարչապետ

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քյարամեանը եւ բոլոր ծառայողները՝ մասնագիտական օրուան առթիւ:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ երկրին մէջ նախաքննութեան որակի բարձրացման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներ կ’իրականացուինն, եւ այդ աշխատանքը կու տայ իր արդիւնքը: Վարչապետին խօսքով՝ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը հետեւեալ տրամաբանութիւնը ունի՝ ոեւէ անմեղ մարդ պէտք չէ քրէական հետապնդման արժանանայ, եւ ոեւէ մեղաւոր պէտք չէ մնայ առանց պատասխանատուութեան:

«Ընդհանուր առմամբ, կարծում եմ, որ մենք մեր բոլոր խնդիրների լուծումները պէտք է տեսնենք մեր երկրի, մեր պետութեան եւ հիմնարկների կայացման աստիճանի մէջ: Որովհետեւ այստեղ ինչի մասին էլ խօսենք, մեր երկրում առկայ ինչ խնդրի մասին էլ խօսենք, ի վերջոյ, յանգելու ենք որեւէ հաստատութենական խնդիրի եւ դրանից բխող պատճառահետեւանքային կապերի:

Նոյն անվտանգութեան ոլորտում հիմա արդէն կարող ենք ասել, որ այլոց շարքում, այդ թւում՝ արդարադատութեան ոլորտի, մեր բացերն են արտայայտուած, որովհետեւ այն բոլոր խնդիրները եւ ձախողումները, որ տեսնում ենք, դրանք նաեւ հետեւանք են, օրինակ՝ նախկինում չյարուցուած կամ սխալ կարճուած քրէական գործերի, քրէական եւ, ընդհանրապէս, արդարադատութեան ոչ հետեւողականութեան, երբեմն՝ հատուածականութեան, երբեմն՝ ընտրողականութեան, եւ մեր քաղաքական մօտեցումն է, ու մենք շարժւում ենք այն ճանապարհով, որ ահա այս բոլոր երեւոյթները պէտք է բացառել», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը ընդգծած է, որ արդարադատութեան ոլորտի եւ միւս բարեփոխումները ունին առաջնային նշանակութիւն, որովհետեւ բոլոր, ընդ որում՝ անվտանգային խնդիրները, պէտք է կարենալ լուծել համարժէք բարեփոխումներու օրակարգով:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ամենակարեւոր պահանջը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ արդարութիւնը, արդարադատութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը, պատասխանատուութեան անխուսափելիութիւնը: «Եւ նորից ուզում եմ յիշեցնել, յորդորել եւ խնդրել բոլորիդ, որ երկու ուղղութիւն չափազանց կարեւոր են՝ ոչ մի անմեղ մարդ չպէտք է ենթարկուի հետապնդման եւ ոչ մի մեղաւոր չպէտք է խուսափի պատասխանատուութիւնից: Այս բանաձեւի հետեւողական կատարումն է այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ ամենամեծ ծառայութիւնը հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment