Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանն Ու Վրաստանը՝ Ամենաարագ Աճող Տնտեսութիւններ Ունեցող Երկիրներ

Հայաստանն Ու Վրաստանը՝ Ամենաարագ Աճող Տնտեսութիւններ Ունեցող Երկիրներ

by MassisPost

2022 թուականին Հայաստանն ու Վրաստանը երկրորդ անգամ անընդմէջ կը ճանչցուին ամենաարագ աճող տնտեսութիւններ ունեցող երկիրները եւրոպական եւ կեդրոնական ասիական երկիրներու շարքին: Այս մասին կը վկայէ Համաշխարհային դրամատան՝ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի տնտեսական զեկոյցը:

Զեկոյցին մէջ կը ներկայացնէ տարածաշրջանին եւ անոր մէջ ընդգրկուած երկիրներու տնտեսական աճի կանխատեսումները, այդ շարքին՝ Վրաստանը։ Զեկոյցին համաձայն, 2023 թուականին Վրաստանի տնտեսական աճի կանխատեսումները ճշգրտուած են մինչեւ 5,9 տոկոս, հետեւաբար՝ Վրաստանի մէջ տնտեսական աճ կը նախատեսուի:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Վրաստանը 2023 թուականի երկրորդ եռամսեակին պահպանած է արագ տնտեսական աճի իր թափը, իսկ արտադրութիւնը աճած է 7,5 տոկոսով՝ անցեալ տարուան երկրորդ եռամսեակին համեմատ։

«Արտահանումը զգալիօրէն կ’աճի Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ ինքնաշարժներու վերաարտահանումը յանգեցուցած է Վրաստանի մէջ արտահանման երկնիշ աճի: Վերջին ամիսներուն փոխանցումներու ներհոսքը նուազած է, սակայն մնացած է կայուն», նշուած է զեկոյցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment