Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Առաքելութիւնը Ցնցուած Է Արցախը Լքելու Բնակչութեան «Յանկարծակի Որոշումէն»

ՄԱԿ-ի Առաքելութիւնը Ցնցուած Է Արցախը Լքելու Բնակչութեան «Յանկարծակի Որոշումէն»

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի ղեկավարութեամբ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը ամփոփած է մէկօրեայ այցը Լեռնային Ղարաբաղ։ Տարածած յայտարարութեամբ դիտորդները կը փաստեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրենց ստացած տուեալներով՝ մնացած է 50-էն 1000 հայ։

«Առաքելութիւնը ցնցուած է, թէ ինչպէս տեղի բնակիչները յանկարծակի լքած են իրենց տուները, ինչպէս նաեւ տառապանքներէն, որոնք կրնայ անոր պատճառը ըլլալ», յայտարարած է ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը։

ՄԱԿ-ի պաշտօնեաները միաժամանակ յայտարարած են, թէ ոչ տեղի բնակչութեան շրջանակին մէջ հարցուածներէն, ոչ իրենց զրուցակիցներէն որեւէ հաղորդում չեն ստացած քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ վերջին զինադադարէն յետոյ բռնութեան դէպքերուն վերաբերեալ։ Յայտարարութեան հեղինակները նաեւ կը նշեն, որ այն վայրերուն մէջ, ուր այցելած են, քաղաքացիական, գիւղատնտեսական ենթակառուցուածքներու վնասներ, աւերածութիւններ, ինչպէս նաեւ որեւէ սատկած անասուն կամ ընտանի կենդանի չեն յայտնաբերած։

«Այս փուլին դժուար է հասկնալ՝ մտադի՞ր է արդեօք տեղի բնակչութիւնը վերադառնալ։ Յստակ է, որ վստահութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւն կայ, իսկ այդ ժամանակ եւ ջանքեր կը պահանջէ բոլոր կողմերէն», կ’ընդգծէ միջազգային կառոյցին խումբը՝ հաւաստիացնելով, թէ ՄԱԿ-ը «պատրաստ է աջակցելու {Լեռնային Ղարաբաղի մէջ} մնացած բնակչութեան ու անոնց, որոնք կը փափաքին վերադառնալ»։

ՄԱԿ-ի պաշտօնեաները, ըստ յայտարարութեան, մէկօրեայ այցի ընթացքին եղած են Աղտամի մէջ, Ստեփանակերտի մէջ եւ Լաչինի միջանցքին։ Հաղորդագրութեան համաձայն՝ գիւղական բնակավայրեր դիտորդներու հասանելիութիւնը «սահմանափակ» էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment