Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Ազգային Ժողովը Ընդունեց Հռոմի Կանոնադրութեան Վաւերացման Մասին Օրէնքի Նախագիծը

ՀՀ Ազգային Ժողովը Ընդունեց Հռոմի Կանոնադրութեան Վաւերացման Մասին Օրէնքի Նախագիծը

by MassisPost

Ազգային Ժողովը ձայներու 60 կողմ, 22 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունեց Հռոմի Կանոնադրութեան վաւերացման մասին օրէնքի նախագիծը։

7-օրեայ ժամկէտի մէջ Ազգային Ժողովը նախագիծը պիտի ուղարկէ նախագահին՝ ստորագրման։

Նախքան քուէարկութիւնը ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները յայտարարեցին, որ դէմ պիտի քուէարկեն նախագիծին։

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը նիստի մեկնարկին յայտնեց, որ օրակարգին մէջ ներառուած է հարց, որ հակասահմանադրական ընթացակարգով ներկայացուած է։

«Ազգային Ժողովն իրաւասու չէ Հռոմի Կանոանդրութեան վաւերացնելու հարցը, առանց սահմանադրական փոփոխութիւնների, քննարկման առարկայ դարձնել՝ իր բազմաթիւ վտանգներով հանդերձ, որոնց վերաբերեալ կարիք կար ամբողջական, խորը եւ պաշտպանական բոլոր գործողութիւնները ձեռնարկելուց յետոյ նոր անդրադառնալ», ըսաւ Մինասեան։

Երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի առաջնորդած ուժը ըսածը կը հիմնաւորէ Բարձր դատարանի 2004 թուականի որոշմամբ, որով Կանոնադրութիւնը Սահմանադրութեան հակասող ճանչցած էր։

Մինչդեռ Սահմանադրական Դատարանի նախագահը, անդրադառնալով դատարանի 2004 թուականի որոշման, յայտարարած էր, որ սահմանադրական երկու փոփոխութիւններէն յետոյ իրավիճակ փոխուած է, դատարանն ալ այս տարուան Մարտին որոշեց, որ փաստաթուղթը այլեւս չի հակասեր Մայր օրէնքին։

Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած ուժն ալ ամիսներ առաջ Հռոմի Կանոնադրութիւնը վաւերացնելու իշխանութիւններուն որոշումը «ծայրայեղ քաղաքական կուրութիւն» որակած էր՝ «յղի անկախատեսելի հետեւանքներով»:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment