Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նենսի Փելոսիի Գլխաւորութեամբ ԱՄՆ 75 Գոնկրէսականներ Պայտընին Կոչ Ըրած Են Պատժամիջոցներ Սահմանելու Ատրպէյճանի Նկատմամբ

Նենսի Փելոսիի Գլխաւորութեամբ ԱՄՆ 75 Գոնկրէսականներ Պայտընին Կոչ Ըրած Են Պատժամիջոցներ Սահմանելու Ատրպէյճանի Նկատմամբ

by MassisPost

ԱՄՆ Գոնկրէսի 75 անդամներ նախագահի վարչակազմին կոչ ըրած են պատժամիջոցներ սահմանելու Ատրպէյճանի նկատմամբ, դադրեցնելու Պաքուին ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը, մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան եւ միջազգային դիտորդներ տեղակայելու Լաչինի միջանցքին։

Գոնկրէսի անդամներուն կողմէ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղուած նամակի նախաձեռնողներն են ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի նախկին խօսնակ Նենսի Փելոսին եւ գոնկրէսական Աննա Էշուն։

Նամակին հեղինակները, կազմուած Գոնկրէսի երկու կուսակցութիւններէն, դատապարտած են Լեռնային Ղարաբաղի վրայ «չհրահրուած ռազմական յարձակումը» եւ «իննամսեայ դաժան շրջափակումը», ինչի հետեւանքով տեղի հայ բնակչութեան կը «մնար միայն փախչիլ»։

ԱՄՆ օրէնսդիրները արձանագրած են, որ չնայած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան սպառնացող ցեղասպանութեան մասին ահազանգերուն՝ տեղի կ՛ունենայ մարդասիրական աղէտ, որ հնարաւոր էր կանխել։

Գոնկրէսականները կ’առաջարկեն գործի դնել Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի 907 լրացումը, որ ԱՄՆ կառավարութեան կ’արգիլէր ռազմական օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին։ Նաեւ կոչ կը կատարուի անձնական պատժամիջոցներու ենթարկել Ատրպէյճանի պաշտօնեաները՝ կիրառելով «Մակնիթսքիի օրէնքը»։

Բացի անկէ, նամակին հեղինակները կ’առաջարկեն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած բնակչութեան եւ միջազգային հանրութեան կոչ ընել՝ ներգրաւուելու այդ գործին մէջ։

Գոնկրէսականները նաեւ անհրաժեշտ կը համարեն միջոցներ ձեռնարկել՝ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգ տարհանումը դէպի Հայաստան, այդ շարքին՝ Լաչինի միջանցքին միջազգային դիտորդներու տեղակայմամբ։ Ըստ նամակի հեղինակներուն՝ անհրաժեշտ է նաեւ ուղիղ շփումներ ունենալ Ատրպէյճանի հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն համաներում ապահովելու նպատակով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment