Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քննարկուած Են Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Հայաստան-Ֆրանսա Համագործակցութեան Հարցեր

Քննարկուած Են Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Հայաստան-Ֆրանսա Համագործակցութեան Հարցեր

by MassisPost

Ապրիլ 30-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Ֆրանսայի Ծերկոյտի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու եւ եւրոպական գործերու յանձնաժողովներու անդամ Ռոնան լը Կլյոն։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ընթացող լայնածաւալ բարեփոխումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment