Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Մենք Գերագնահատեցինք Մեր Մարդկային Եւ Կազմակերպական Ուժը». Վազգէն Մանուկեան

«Մենք Գերագնահատեցինք Մեր Մարդկային Եւ Կազմակերպական Ուժը». Վազգէն Մանուկեան

by MassisPost

Իշխանութիւններուն հեռացումը պահանջող ընդդիմութիւնը հանրահաւաք կատարեց Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Այն նախատեսուած էր քանի մը օր առաջ, սակայն յետաձգեցին՝ պատճառաբանելով, որ կը լծուին արցախցիներուն օգնելու գործին:

Շաբաթ օրուան հաւաքին մէկ մասը նուիրուած էր Արցախէն տեղափոխուածներուն օգնելու կարեւորութեան: Հարթակէն խօսցաւ նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդը:

Հանրահաւաքը եզրափակեց Ազգային Կոմիտէի անդամ Վազգէն Մանուկեանը: Վերջինս անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ երեք օր շարունակ պէտք է քաղաքը անդամալուծեն, անհնազանդութեան շարժումներ կատարեն, բայց այդ օր խոստովանեցաւ, որ իրենք, ըստ էութեան, իրենց ուժերը գերագնահատած են ու այդ չյաջողեցաւ:

«Չյաջողեցաւ, մենք սխալուեցինք, սխալն այն էր, որ մենք գերագնահատեցինք մեր մարդկային եւ կազմակերպական ուժը: Բայց մի շատ դրական բան էր կատարւում, որովեհտեւ տարբեր համալսարանների ուսանողներ առանց մեր դրդման, միայն խօսքով, վրդովուած այն ամէնով ինչ լինում էր, դուրս էին գալիս», նշեց Վազգէն Մանուկեանը:

Ան յայտնեց, որ այս օրերուն դիմած են տարբեր քաղաքական ուժերու իրենց միանալու համար եւ դրական պատասխան չեն ստացած: Թէ որ ուժերուն մասին է խօսքը, Մանուկեան անուններ չհրապարակեց:

Աւելի վաղ ելոյթ ունեցավ Ազգային Կոմիտէի անդամ, «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալապեանը: Խօսելով արցախցիներուն մասին, ան ընդգծեց՝ պէտք է ամէն ինչ ընեն, որ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիները համարկուելու խնդիր չունենան:

«Մեր համար շատ կարեւոր է, որպէսզի մեր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք գալիս են այստեղ, այստեղ նաեւ հայրենիք գտնեն, մեր մէջ գտնեն աջակցութիւն, էն հասարակութիւնը, որում իրանք պատրաստ են ապրել: Այդ դէպքում իրանք կը մնան այստեղ, կը կանգնեն մեր կողքը, կը բազմապատկեն մեր ուժը, կ’օգնեն փոխել իշխանութիւնը», յայտարարեց Չալապեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment