Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հասարակական Կազմակերպութիւնները, Քաղաքական Ուժերը ՀՀ-ին Կոչ Կ’ընեն Դուրս Գալու ՀԱՊԿ-էն, ԵԱՏՄ-էն, Դիմելու ԵՄ-ին Անդամակցութեան համար

Հասարակական Կազմակերպութիւնները, Քաղաքական Ուժերը ՀՀ-ին Կոչ Կ’ընեն Դուրս Գալու ՀԱՊԿ-էն, ԵԱՏՄ-էն, Դիմելու ԵՄ-ին Անդամակցութեան համար

by MassisPost

Հասարակական եւ քաղաքական շարք մը ուժեր, ինչպէս նաեւ անհատներ Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընեն անյապաղ մեկնարկելու ՀԱՊԿ-էն, ԵԱՏՄ-էն, ԱՊՀ-էն դուրս գալու գործընթաց, դիմելու Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յայտով։
Անոնք այս մասին յայտարարութիւնը ընդունած են Անկախութեան համագումարին ժամանակ։

Յայտարարութիւնը կը դատապարտէ «Ռուսաստանէն եւ Ատրպէյճանէն հնչող սպառնալիքները Հայաստանի անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ»։
«Այս օրերին Ռուսաստանի իշխանութիւնների որդեգրած հակահայ կեցուածքն ու քաղաքականութիւնը, որի զոհը դարձաւ հայ ժողովուրդը Արցախում, ոչ միայն դատապարտելի է, այլեւ աւելի է խորացնելու վերջին տարիներին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առաջացած անջրպետը, դարձնելով այն գրեթէ անյաղթահարելի, ինչը հրատապ անհրաժեշտութիւն է ստեղծում Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ գործող ողջ իրաւապայմանագրային հիմքի արմատական վերանայման», կը նշեն անոնք։

Յայտարարութեան հեղինակները «արցախահայութեան՝ սովի եւ ռազմական յարձակման կիրառմամբ բռնի հայրենազրկումը» կը դիտարկեն նոյն տրամաբանութեան մէջ, ինչ «Ուքրանիոյ ժողովուրդին հանդէպ Ռուսաստանի գործադրած յարձակումն ու ցեղասպանութիւնը»։
Կազմակերպութիւնները, գործիչները, ողջունելով Հայաստանի իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը վաւերացնելու Միջազգային Քրէական Դատարանի Հռոմի Կանոնադրութիւնը, կը յորդորեն այդ ընել առանց որեւէ վերապահման։ Մոսկուայէն Հռոմի Կանոնադրութիւնը վաւերացնելու Հայաստանի որոշումը Ռուսաստանի նկատմամբ «ծայրայեղ թշնամական» քայլ  անուանած էին։

Արեւմուտքին անոնք կոչ կ’ընեն դիւանագիտական ու քաղաքական անհրաժեշտ գործիքակազմի կիրառմամբ որպէս առաջին քայլ հասնիլ Արցախէն «ռուսական բռնագրաւող ուժերու» դուրսբերման, Արցախի տարածքին միջազգային փաստահաւաք ու դիտորդական առաքելութեան տեղակայելուն, միջազգային լրատուամիջոցներու եւ ՄԱԿ-ի համապատասխան գրասենեակներու, այդ շարքին՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ու ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ազատ մուտքին, իսկ հետագային՝ նաեւ միջազգային մանտաթով օժտուած խաղաղարար առաքելութեան տեղակայման, ինչ որ, կը կարծեն, հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ արցախահայութեան վերադարձին համար՝ անոնց անվտանգութեան եւ իրաւունքներու ապահովմամբ։

Հայաստանի իշխանութիւններուն անոնք կոչ կ’ընեն դուրս գալու Ռուսաստանի գլխաւորած ՀԱՊԿ-էն, ԵԱՏՄ-էն, ԱՊՀ-էն՝ լուծարելով Ռուսաստանի հետ բոլոր ռազմական ու տնտեսական պայմանագրերը, արգիլելու հայկական ցանցով հեռարձակուող ռուսաստանեան պետական ու պետութեան հետ փոխկապակցուած հեռուստաալիքներու հեռարձակումը, դիմելու Եւրոպական Միութեան՝ վեջինիս լիիրաւ անդամակցութեան յայտով, ԵՄ անդամ պետութիւններուն, ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Հնդկաստանի, միասնական Արեւմուտքի այլ ժողովրդավարական երկիրներուն հետ կնքելու երկկողմ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրեր, սկսելու քայլեր արեւմտեան երկիրներու եւ եւրատլանտեան անվտանգային համակարգերու հետ երկկողմ ու բազմակողմ ռազմական եւ ռազմա-տեխնիկական համագործակցութեան խորացման համար։

Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու լարուածութիւնը կը շարունակուի. Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը օրերս Հայաստանի ղեկավարութեան խորհուրդ տուած էր յիշել այն երկիրներու ոչ-նախանձելի ճակատագիրը, որոնք յոյսը դրած են ԱՄՆ-ի վրայ։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment