«France 2» հեռուստաընկերութեան եթերով հեռարձակուող հեղինակաւոր «Grand Echiquier» հաղորդաշարի՝ Հայաստանին նուիրուած յատուկ թողարկման աւարտին հնչած է Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը։ Այս մասին յայտնած են Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:
Թողարկման նկարահանումները տեղի ունեցած են Ֆրանսայի ամենանշանաւոր կոթողներէն մէկուն` Վերսայեան պալատի Արքայական օփերայի համերգասրահին մէջ։
Կատարող` Ռուզան Մանթաշեան, սոփրանօ
Նուագակցութեամբ` Աստղիկ Սիրանոսեանի, թաւջութակ, եւ Վերսայի Արքայական օփերայի նուագախումբին։